ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` ապահովագրութեան ընկերութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Աբրահամ Մաթոսեանի յուղարկաւորութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ անոր յետմահու պարգեւատրումին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Սաֆիր» օրաթերթը):

– Ակնարկ` Համրայի մէջ Վահան Փափազեանի «Էնթս» վաճառատան եւ անոր ներկայացուցած մշակութային արժէքին:

«ՏԻԱՐ»

– Շահեկան հարցազրոյց` Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանի հետ, դրամատնային մարզին եւ յատկապէս տագնապալի հանգրուաններուն ընթացքին անոր գործունէութեան մասին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Լրատուութիւն այն մասին, թէ թրքական ոստիկանութիւնը կը վնասազերծէ ական մը` հարաւարեւելեան Անատոլուի մէջ, նախքան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այդ շրջանը կատարելիք այցելութիւնը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Անուար» եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթերը):

«ՀԱՅԱԹ»

– Լրատուութիւն. իսրայէլեան թատերախումբ մը կը ջնջէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող թատերական փառատօնին իր մասնակցութիւնը եւ ելոյթները` մտահոգութիւն յայտնելով, որ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի հակառակորդներ կրնան թատերախումբի անդամներուն ապահովութիւնը վտանգի ենթարկել:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Շարք» օրաթերթը):

«ՇԱՐՔ»

– Անդրադարձ` յառաջիկայ 31 մայիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք սուրիական ընդդիմութեան խորհրդաժողովին, որ պիտի տեւէ երեք օր եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 300 անձնաւորութիւններ:

«ՔԻՖԱՀ ԱՐԱՊԻ»

– Թուրքիա պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը առաջադրած է` դառնալու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ երկիրներէն մէկը` յառաջիկայ 2015 – 2016 տարեշրջանին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES