ՊԸՐՐԻ. «ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԻՐ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանը իր օրէնսդրական նիստերը անպայման պիտի գումարէ, նոյնիսկ եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անդամ երեսփոխանները այդ նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեն:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Իպրահիմ Մասրիի եւ ներկայութեամբ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութի եւ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մոհամետ Ժապաուիի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, որ խորհրդարանի նախագահը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու այս տարի տեղի ունենալիք մարաթոնին` շեշտելով, որ Պըրրիի ներկայութիւնը բարոյական նկատառելի զօրակցութիւն պիտի նկատուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

