Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Յաղթեց Ուրուկուէյի (2 – 1)

Սպանիոյ յաղթական մարզիկները

Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքին ծիրին մէջ Բ. խմբակին մէջ կատարուած Սպանիա-Ուրուկուէյ մրցումը աւարտեցաւ եւրոպական կազմին յաղթանակով, որ շուրջ 42 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2 – 1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Սպանիա Ա. կիսախաղին 2 – 0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Փետրոյի (20-րդ) եւ Ռոպերթօ Սալտատոյի (32-րդ) նշանակած կոլերուն: Մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, Լուիս Սուարես նշանակեց Ուրուկուէյի կոլը:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Եուիշի Նիշիմուրա (Ճափոն):

Այս մրցումին Սպանիա դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Իքեր Քասիաս-Ալվարօ Արպելոա, Սերճիօ Ռամոս- Ժերար Փիքէ, Եորտի Ալպա – Զաւի (Խաւիէ Մարթինես), Սերճիօ Պուսքեթց, Անտրես Ինիեսթա – Փետրօ, Ռոպերթօ Սալտարօ եւ Սեսք Ֆապրեկաս (Սանթի Քազորլա):

Share this Article
CATEGORIES