2014-ի Մոնտիալ. Ափրիկէի Գօտի. Եթովպիա Վերջ Դրաւ Հարաւային Ափրիկէի Յոյսերուն
2010-ի Մոնտիալը հիւրընկալած հարաւային Ափրիկէ չկրցաւ 2014-ի Մոնտիալին մասնակցելու համար տոմս մը ապահովելու իր յոյսերը պահել` նկատի ունենալով, որ անիկա Ատիս Ապապայի մէջ իր կատարած մրցումին 2 – 1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եթովպիայէն:
Եթովպիացիք միացան Ալճերիոյ, Եգիպտոսի, Փղոսկրեայ Ափունքին եւ Թունուզի` 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի զտումի մրցումներուն:
Նշենք, որ ցարդ հինգ տոմսեր չեն որոշուած` նկատի ունենալով, որ չեն ամբողջացած Բ. հանգրուանի վերջին մրցումները:
Իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը տասը խմբակ) պարագլուխի դիրքերը գրաւողները իրարու դէմ պիտի կատարեն երթուդարձի դրութեամբ մրցումներ (հոկտեմբերին եւ նոյեմբերին), որոնցմէ ետք հինգ յաղթականները պիտի ըլլան Պրազիլ մեկնողները:
CATEGORIES Մարզական

