«Սպանացի Մարզիկներուն Արտագաղթը Իր Վատ Անդրադարձը Պիտի Ունենայ «Լա Լիկա»-Ին Վրայ» Ըսաւ Փիքէ

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահ Ժերար Փիքէ նախորդ շաբաթավերջին սպանական «Աս» մարզաթերթին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սպանացի մարզիկներուն արտագաղթը իր վատ անդրադարձը պիտի ունենայ «Լա լիկա»-ին վրայ:

Ան կ՛ակնարկէր Խեսուս Նաւասի, որ լքելով Սեւիլլան միացաւ Սպանիոյ ազգային խումբի խմբակից Տաւիտ Սիլվայի կազմին` Մանչեսթըր Սիթիի:

Յամենայն դէպս, Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ ներկայիս որոշ չափով իրենց տիրապետութեան տակ կրցած են պահել Սպանիոյ ազգային խումբը, ուր միասնաբար ունին 13 միջազգային մարզիկ:

Սակայն, տնտեսական բաւական նեղ կացութեան մատնուած Աթլեթիքօ Մատրիտի, Վալենսիայի եւ Սեւիլլայի մաս կազմող սպանացի մարզիկները աւելի բարձր ամսականներ գանձելու նպատակով կը գաղթեն արտասահման:

Նշենք, որ 26 տարեկան Փիքէ երեք տարեշրջան մաս կազմելէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտի, վերադարձած էր իր մանկութեան ակումբին` Պարսայի:

 

Share this Article
CATEGORIES