«Էն.Պի.Էյ. Սփըրզ – Հիթ` 3 – 2

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114 – 104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3 – 2 արդիւնքով գերազանցեց Մայեմի Հիթի:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Թոնի Փարքըր նշանակեց 26 կէտ, մինչ 25-ական կէտ նշանակեցին Հիթի մարզիկներ Լեպրըն Ճէյմս եւ Տուայն Ուէյտ:

Անոնց միջեւ վեցերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Մայեմիի մէջ:

Յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Հիթ պիտի պարտադրէ եօթներորդ եւ վերջին մրցումը, որ դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Մայեմիի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES