Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գուժեց Լամա Եասինի Մահը
Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գուժեց մահը Լամա Եասինի (31 տարեկան), որ կրած է Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Ռիատի Պէյրութի շապիկը:
Ան մահացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ` ինքնաշարժի արկածի պատճառով:
Ֆետերասիոնը ցաւ յայտնեց Եասինի կորուստին համար` նշելով, որ ան աշխատեցաւ եւ իր ամէն կարելին տուաւ լիբանանեան պասքեթպոլին, իր ակումբին` Ռիատի Պէյրութիի ընդմէջէն:
Եզրափակելով իր հրապարակած հաղորդագրութիւնը` ֆետերասիոնը հանգուցեալին ընտանիքին եւ անմիջական պարագաներուն փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները:
CATEGORIES Մարզական

