Արթուր Սարգիսով Յառաջիկայ Տարեշրջանին Մաս Պիտի Կազմէ Ուրալի
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի ֆութպոլիստ Արթուր Սարգիսով իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուրալի հետ, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին ան մաս պիտի կազմէ Ուրալի:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, ան փոխ տրուած էր Եքաթերինպուրկի Ուրալին:
Sportbox կայքէջին համաձայն, անոր հետ Ուրալ տեղափոխուած է նաեւ Սպարտակի ֆութպոլիստ Ժանօ Անանինցէ:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» կ՛եզրափակէ, որ Սարգիսով մինչ այդ հանդէս կու գար Վոլքայի կազմէն, որուն հետ նշանակած էր 3 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

