Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Յիշատակին Նուիրուած 6-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Ջերմուկի մէջ (Հայաստան) սկսաւ Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 6-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 ճատրակ խաղացողներ:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ մասնակցողներուն կարգին են` Դաւիթ Յարութիւնեան (Վրաստան), Ալեքսանտր Ֆիեր (Պրազիլ), Եւգենի Փոսթնի (Իսրայէլ), Հրանդ Մելքումեան, Զաւէն Անդրէասեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Կապուզեան, Տիգրան Քոթանճեան, Արտաշէս Մինասեան, Յովիկ Հայրապետեան, Լեւոն Փապուճեան, Արթուր Չպուքճեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան (Հայաստան):
CATEGORIES Մարզական

