Մխիթարեանի Լիվըրփուլ Փոխանցումը Օրերու Հա՞րց…

Այնպէս կը թուի, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Շախտիոր Տոնեցքի (Ուքրանիա) միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի Լիվըրփուլ փոխանցումը ըլլայ օրերու հարց` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմի գործադիր տնօրէն Եան Այըր ոգի ի բռին կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ:

Bloomberg կայքէջին համաձայն, ան Պրազիլ իր մեկնումը յետաձգեց, որպէսզի համաձայնութիւն կարենայ գոյացնել` ձեռք ձգելու համար հայազգի մարզիկին ստորագրութիւնը:

«Սկզբունքով Եան Այըր երկու օրուան համար պէտք էր մեկներ Պրազիլ` քննարկելու համար ֆութպոլի տնտեսական նիւթերու շուրջ կարեւոր հարցեր: Սակայն, «կարմիրներուն» պատասխանատուն այդ այցելութիւնը յետաձգեց` յանուն իր խումբին խոստմնալից ապագային: Ան մնալով տուն յոյս ունի ձեռք ձգել 24 տարեկան Մխիթարեանի ստորագրութիւնը` փոխան 20 միլիոն սթերլինի», կը գրէ Bloomberg:

Կը կարծուի, որ Մխիթարեանի փոխանցումը շուտով տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ Շախտիոր ներկայ դրութեամբ չի պնդեր, որ Մխիթարեան պիտի մնայ իրեն հետ, որովհետեւ անոր նոր պայմանագրութիւն չէ առաջարկած:

Այդ կայքէջը կը նշէ նաեւ, որ Մխիթարեան հանդիսացաւ Ուքրանիոյ կոլ-սքորըրը` տարեշրջանին աւարտին նշանակելով 25 կոլ:

Կը կարծուի, որ Մխիթարեանով հետաքրքրուած են նաեւ գերմանական, ֆրանսական եւ սպանական այլ ակումբներ:

Մխիթարեանի Լիվըրփուլ փոխանցման մասին եւս կ՛անդրադառնայ սպանական Elmundodeportino կայքէջը, որ կ՛ըսէ, թէ իր կազմին միացնելու համար Մխիթարեանը, Լիվըրփուլ 21,2 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը ներկայացուցած է Շախտիորի:

 

Share this Article
CATEGORIES