Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մաս Կազմող Սալահ Ռապպահ Յաղթեց Ժամացոյցի Դէմ Մրցումին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» հեծելարշաւի ընկերութեան, ինչպէս նաեւ «Քոմըրշըլ ինշուրանս»-ի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ժամացոյցի դէմ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վեց ակումբներու 23 հեծելանւորդներ:

Մրցումը տեղի ունեցաւ Քարանթինայէն Հազմիէ երկարող ճամբուն վրայ, որուն ընդհանուր երկարութիւնն էր 33 քմ.:

ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Սալահ Ռապպահ արձանագրելով 49՛ 13՛՛ արդիւնք մը հանդիսացաւ առաջին, անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Աթլեթիքօ Պէյրութի մաս կազմող Հասան Հաժ (49՛ 43՛՛) եւ Զահեր Հաժ (49՛ 56՛՛):

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին տիտղոսակիրները ստացան իրենց մետալները, մինչ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան առաջին հանդիսացած հեծելանւորդին հագցուց մրցաշարքին շապիկը:

Ստորեւ` դասաւորումը

1.- Սալահ Ռապպահ (ՀՄԸՄ Պէյրութ)          49՛ 13՛՛
2.- Հասան Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ)           49՛ 43՛՛
3.- Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ)            49՛ 56՛՛
4.- Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ)          49՛ 57՛՛
5.- Նեպիլ Թապպալ (Աթլեթիքօ Պէյրութ) 50՛ 08՛՛

Share this Article
CATEGORIES