Դիմաստուեր

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

… Եւ այսպէս, վարագոյրը իջաւ եւ կեանքի բեմէն հեռացաւ նաեւ բանաստեղծ Ա. Ալիքեան, որուն ճակատագիրի ուղիին հանգրուանները եղած են Ալեքսանտրէթ, Պէյրութ, Երեւան, Մոսկուա, վերադարձած` Լիբանան, որոնց երկայնքին եւ միջեւ պէտք է տեղաւորել իր բովանդակ բանաստեղծական ստեղծագործութիւններն ու կատարած թարգմանութիւնները:

Եթէ փորձենք ճանչնալ Ա. Ալիքեանը, կարելի է դիմաստուերի երկու դէմքերով ներկայացնել զինք: Մարդը` իր նկարագիրով, եւ մարդը` իրագործումներով: Առաջին դէմքով, շատերու համար իր փոխյարաբերութիւնները ստեղծած են տարբեր կացութիւններ, որոնց անդրադառնալ անտեղի է` զանոնք նկատելով ենթակայական: Իսկ երկրորդ դէմքով, եթէ «գրական» եզր գործածենք, պիտի թուի ա՛լ աւելի յարաբերական ըլլալ, սակայն` այս մեկնակէտը նոյնիսկ կը հանդիպի անոր խիստ, դժուարահաճ եւ անզիջող կեցուածքին, մասնաւորաբար մայրենի լեզուին նկատմամբ, որուն նկատմամբ ունէր արտասովոր սէր, պաշտամունք, գուրգուրանք եւ խանդաղատանք: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ եղած է Ճեմարանի աշակերտ` իրեն ունենալով Լ. Շանթի, Ն. Աղբալեանի, Կ. Սասունիի եւ ուրիշներու նման ուսուցիչներ, որոնք իրենց մէջ կրելով անցեալի ամբողջ ապրումները ժողովուրդի մը, բերած էին սերմեր նոր սերունդի հոգիներուն մէջ ցանելու: Այդ ժամանակուան Ալիքեանի ունեցած տպաւորութիւնները եւ հոգեկան ապրումները այնքա՛ն խոր քանդակուած էին անոր յիշողութեան մէջ, որ մնացին ու ապրեցան մինչեւ մահուան օրը: Շատ յաճախ, երբ կը պատմէր ինծի, անդրադառնալով այդ պահերուն, գլխու թեթեւ շարժումով կ՛ըսէր. «Մա՛րդ էին անոնք, իսկակա՛ն հայրենասէրներ»: Այդ օրերու արգասիքը եղաւ Ալիքեանի անդրանիկ հատորը` «Հորիզոն», որ չվրիպեցա՛ւ Լ. Շանթի հսկող աչքերէն, եւ զայն տպեց 1947-ին, նախքան Ալիքեանի մեկնիլը Հայաստան:

Այս բոլորէն ետք, ի՜նչ փոյթ տարիքի եւ ժամանակի հասկացողութիւն անձի մը նկատմամբ, որուն գրական ստեղծագործութիւններն ու թարգմանութիւնները կը պսակուին տաղանդով:

Ա. Ալիքեան իր վերջին հանգրուանէն մեկնելով թէեւ կը բացակայի ֆիզիքական ներկայութեամբ, այսուհանդերձ` գրական իրագործումներու հսկայ ժառանգ կը թողու իր ետին` հայ ազգին:

Ծանօթ.- Նշենք, որ բանաստեղծին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 17 յունիս 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ  հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Share this Article
CATEGORIES