«Փոքրամասնութիւններու Անէծքը»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Պաթման Չաղտաշ» կայքէջին վրայ Պայրամ Գալքան վերի խորագրին ներքեւ կը գրէ.

Գրութեանս սկիզբը կ՛ուզեմ յիշել առած մը. «Աստուծոյ դատաստանին առջեւ ո՛չ մէկուն հանդէպ զուլում գործադրէ: Գործած այդ զուլումիդ փոխարինութիւնը կամաց կամաց, բազմապատիկ անգամով կը վճարես»:

Մենք ահաւասիկ, որպէս մահմետականներ, հիմա այդ կամաց կամացն է, որ կը վճարենք: Մեր մէջ ապրող, բայց ոչ մահմետական կրօնէ ժողովուրդներու հանդէպ մեր գործած զուլումին փոխարինութիւնը` Թուրքիոյ, Իրաքի, Փաքիստանի, Աֆղանիստանի, Պաղեստինի եւ Սուրիոյ մէջ բազմապատիկ անգամով կը վճարենք: Ձեր մէջ պիտի գտնուին թերեւս անձեր, որոնք հարց պիտի տան, թէ հիմա բոլոր այս գրուածները տեղի՞ն են: Այո՛, տեղին են, կ՛ըսեմ եւ այս ըսածիս պատճառը կը բացատրեմ: Մենք չէի՞նք, որ ալեւիները սպաննեցինք Տէրսիմի, Մարաշի, Սեբաստիոյ, Չորումի մէջ: Մենք չէի՞նք, որ մէկ միլիոն հայերը,  ներառեալ յղի կիները սպաննեցինք` սպառնալով անոնց, որ կա՛մ մահմետականութիւնը կ՛ընդունին, կա՛մ կը սպաննուին: Մահմետականութիւնը մերժող հայերը անգթօրէն չսպաննեցի՞նք: Միտիաթի եւ շրջակայքի մէջ հազարաւոր ասորիները չբնաջնջեցի՞նք: Մեր հարազատ ցեղակիցներուն` եզիտիներուն ապրանքներուն ձեռք չդրի՞նք: Որպէսզի անոնք այս հողերէն հեռանան, անոնց վրայ տեսակաւոր ճնշումներ չգործադրեցի՞նք: Եզիտիները կրցա՞ն վերատիրանալ իրենց այն հողերուն, գիւղերուն, զորս մեզի աւանդ թողած էին: Ո՛չ, չկրցան: Եւ ահաւասիկ, մենք այսքան զուլումներ ի գործ պիտի դնենք, եւ թէ պիտի ըսենք տակաւին, որ մենք ժողովրդավար մահմետականներ ենք:

Կարճ խօսքով, այսքան սպանութիւնները եւ զուլումները կատարողներ եթէ կը կարծեն, որ ատիկա ըրին իսլամութեան անունով, կը սխալին: Աստուծոյ արդարութիւնը կը վերահաստատուի ահաւասիկ: Փոքրամասնութիւններու դէմ մեր գործած յանցանքներուն փոխարժէքը հիմա մենք կը վճարենք մէկզմէկ սպաննելով: Եւ քանի որ հիմա մեր մէջ հայեր, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ չեն մնացած, հիմա մենք զիրա՛ր կը սպաննենք: Ասոր պատճառը շատ պարզ է: Նախապէս «երեք փոքրամասնութիւն սպաննողը արքայութիւն կ՛երթայ» կ՛ըսէինք եւ կը սպաննէինք: Հիմա ալ կ՛ըսենք. «Անիկա շիի է, սպաննեցէ՛ք, անիկա սիւննի է, սպաննեցէ՛ք, անիկա ալ ալեւի է, սպաննեցէ՛ք: Այսինքն մենք տեւաբար կը սպաննենք, կարծես սպանութիւնը մեր արեան մէջ հրամայական ըլլայ: Իսկ եթէ օտարներ չգտնենք, մենք զիրար կը սպաննենք»:

Յօդուածագիրը այս յանդուգն տողերը գրելէ ետք քաղաքական վերլուծումներ կ՛ընէ` քննարկումի նիւթ դարձնելով ներկայ կառավարութեան գործունէութիւնը եւ վտանգաւոր ապագայի մը կանխատեսութիւնը ընելով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES