«Թուրք Ժողովուրդը Ժողովրդավարութեան Կողքին Կանգնեցաւ, Եւ Մենք Այս Տագնապէն Յաջողութեամբ Դուրս Եկանք» Ըսաւ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի դէպքերուն գծով Եւրոպական խորհրդարանի կեցուածքը` անոր կոչ ուղղելով «երկու չափ երկու կշիռ չօգտագործելու»:
Իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ, որ «գոյութիւն ունին արտաքին կողմեր, որոնք Թուրքիոյ նկատմամբ վատ մտադրութիւններ կը բացայայտեն, եւ ահա Եւրոպական խորհրդարանը Թուրքիոյ շուրջ որոշում կ՛որդեգրէ»: Ան հարց տուաւ, որ «այս խորհրդարանը իրաւունք ունի՞ մեր ներքին հարցերուն վերաբերեալ որոշումներ որդեգրելու, երբ մենք անոր անդամ չենք: Պէտք է որոշումներ որդեգրէք Յունաստանի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի նման ձեր անդամներուն վերաբերեալ, ինչո՞ւ այդ երկիրներուն առջեւ լուռ կը մնաք եւ կ՛որդեգրէք որոշում մը, որ մեր հանրային եւ սեփական կալուածներու խափանարարութեանց փորձերէն պաշտպանութեան հարցին միջամտութիւն մը կը նկատուի»:
Էրտողան ըսաւ, որ «մենք կրցանք բնութիւնը պաշտպանելու համար փողոց իջածին եւ կացութիւնը շահագործելով քաոս տարածելու համար փողոց իջածին միջեւ զատորոշել»` աւելցնելով, որ «Թաքսիմի ցուցարարներուն 76 առ հարիւրը Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն է, իսկ 16 առ հարիւրը` Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութենէն»: Ան նշեց, որ «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին կը կանգնի»` աւելցնելով, որ «երեսփոխաններ յարանուանական գրգռութիւններ կը կատարեն եւ ցոյցերը կը ղեկավարեն»: «Ժողովուրդը ժողովրդավարութեան կողքին կանգնեցաւ, եւ մենք այս տագնապէն յաջողութեամբ դուրս եկանք», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետը պաշտպանեց ոստիկանութեան կողմէ ուժի օգտագործումը` յայտնելով, որ ոստիկանութիւնը «ողջմտութեամբ եւ համբերութեամբ շարժեցաւ»: «Արցունքաբեր կազի արձակումը ոստիկանութեան ամէնէն բնական իրաւունքն է: Անոնք փամփուշտ կրակեցի՞ն, զէնքեր օգտագործեցի՞ն», հարց տուաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «թրքական ոստիկանութիւնը օրէնքին իրեն տրամադրած լիազօրութեանց սահմաններէն դուրս չեկաւ, եւ ոստիկանութեան աւելի ուժեղ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք»:
Էրտողան նաեւ քննադատեց թրքական աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները, որոնք երկուշաբթի օր միօրեայ գործադուլ մը կատարեցին` առ ի զօրակցութիւն ցուցարարներուն: «Անոնց կոչը օրէնքին դէմ է: Անոնք բոլորն ալ իրենց սեփական շահերուն մասին կը մտածեն: Անոնք գրգռիչները կը ղեկավարեն», ըսաւ ան:
Էրտողան, որ շաբաթավերջին Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ «Ազգային կամքին յարգանք» նշանաբանին տակ հաւաքներու նախաձեռնեց, իր համակիրներուն կոչ ուղղեց ուրբաթ օր Կեսարիոյ, շաբաթ օր Սամսոնի եւ կիրակի օր Էրզրումի մէջ հաւաքներ կատարելու:
Ուաշինկթըն Կը Մերժէ Ամերիկացիներուն Կողմէ
Թաքսիմի Ցոյցերու Գրգռումին Վերաբերող
Ամբաստանութիւնները
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի մերժեց թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած այն լուրերը, թէ ամերիկացի քաղաքացիներ Թուրքիոյ իրադարձութեանց մէջ դերակատարութիւն ունին:
«Մենք կտրուկ կերպով կը մերժենք այն ամբաստանութիւնները, թէ ամերիկեան խմբաւորումներ կամ անհատներ պատասխանատու են կամ հրահրած են… Թուրքիոյ բողոքի ցոյցերը», ըսաւ ան:
«Մենք կեդրոնացած ենք հանդարտութեան եւ զսպուածութեան կոչ ուղղելու վրայ: Կը շարունակենք Թուրքիոյ սերտ դաշնակիցը մնալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «անշուշտ, այն բազմաթիւ առիթներուն, երբ դուք կամ ուրիշներ մեր ունեցած մտահոգութեանց մասին հարցուցած էք, զանոնք ներկայացուցած եւ անոնց մասին խօսած եմ: Եւ այդ իմաստով որեւէ ձեւով ետ չենք կանգնած», նշեց Փսաքի:
Ան նշեց, որ շաբաթավերջին տեղեկութիւններ հրապարակուեցան, թէ բժիշկներ, որոնք վիրաւոր ցուցարարներ դարմանած են, հետապնդումի կ՛ենթարկուին` աւելցնելով, որ «բոլոր այդ տեղեկութիւնները մեծապէս մտահոգիչ են, եւ մենք անոնց հետեւելու վրայ կեդրոնացած ենք… Մենք անշուշտ կը դատապարտենք այս պարագաներուն որեւէ մէկուն մէջ անհամաչափ ուժի օգտագործումը»:
«Կանգուն Մարդ»-ու Ցոյցեր
Էրտեմ Կիւնտիւզ վեց ժամ տեւողութեամբ առանց շարժելու կամ խօսելու կանգնեցաւ Թաքսիմ հրապարակին մէջ` Աթաթիւրքի անուան մշակութային կեդրոնին առջեւ: Հետագային 300 այլ անձեր միացան անոր: Ոստիկանութիւնը զգուշացուց, որ անոնք «երթեւեկը կը խափանեն», ապա զանոնք հրապարակէն դուրս հանեց: Ցուցարարները որեւէ դիմադրութիւն չցուցաբերեցին:
Ոստիկանութիւնը սկիզբը փորձեց հարցաքննել Կիւնտիւզը` հիմնուելով անոր «կասկածելի վարուելակերպին» վրայ, սակայն ան հարցումները անպատասխան ձգեց: Թուրքիոյ մէջ ընկերային ցանցերը անմիջապէս Կիւնտիւզը կոչեցին «Կանգուն մարդ»: Ան շուտով Պոլսոյ, Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ նոյնպիսի բողոքի ցոյցեր ներշնչեց:
Լուռ բողոքի ցոյցերը կը հակասեն շաբաթավերջին տեղի ունեցած բուռն բախումներուն:


