Մաշաալ Եւ Հանիյէ Այսօր Անգարա Կ՛այցելեն

«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ եւ Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ այսօր Անգարա պիտի այցելեն եւ երեկոյեան հանդիպում պիտի ունենան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւի հետ հանդիպումէն ետք Էրտողան հանդիպում պիտի ունենայ Համասի ղեկավարներուն հետ:

Նախքան մայիսին Միացեալ Նահանգներ այցելելը, Էրտողան բազմիցս յայտարարած էր, որ մտադիր է Թուրքիա վերադառնալէ ետք Կազա այցելել, սակայն տակաւին այդ այցելութիւնը չէ կայացած:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան աղբիւր մը յայտնեց, որ Էրտողանի հետ իրենց ունենալիք հանդիպումին ընթացքին Համասի ղեկավարները պիտի քննարկեն Սուրիոյ կացութիւնը եւ Էրտողանի Կազա այցելութեան հարցը:

Share this Article
CATEGORIES