Եգիպտոս Եւ Եթովպիա Նահտա Ամբարտակի Հարցին Շուրջ Համաձայնութիւն Մը Գոյացուցին

Մոհամետ Քամել Ամրօ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ յայտարարեց, որ իր եթովպիացի պաշտօնակից Թատրոս Ատհանոմի հետ կատարած քննարկումները «անկեղծ, յստակ եւ շինիչ էին, եւ անոնց նպատակը եթովպիական Նահտա ամբարտակին վերաբերող հարցերուն լուծման քաղաքական ուղիի մը հիմը դնելն է»` նշելով, որ հանդիպումը կ՛իյնայ «Եգիպտոսի ջրային անվտանգութիւնը պահպանելու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական քայլին ծիրին մէջ»:

Եգիպտական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին անկեղծօրէն քննարկուած են բոլոր հարցերը, ներառեալ` երկու երկիրներուն մէջ վերջերս արձանագրուած լրատուական արշաւները, որոնք նպաստած են երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութեանց հրահրման: Երկու կողմերը համաձայնած են վերջ տալ իրարու դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն եւ արծարծուած հարցերը հակակշիռի տակ առնելու համար մուտք գործել քաղաքական երթի մը մէջ ու մասնագէտներու ճամբով թեքնիք երթին մէջ յառաջ ընթանալ:

Աղբիւրը աւելցուց, որ եթովպիական կողմը դրական մօտեցում ցուցաբերած է մասնագէտներու եռանդամ յանձնախումբի յանձնարարականներու գործադրութեան վերաբերեալ, ներառեալ` ամբարտակին յատկանիշներուն շուրջ թեքնիք կարծիքը, սակայն նոյն ատեն պնդած է, որ ամբարտակը պիտի կառուցուի` նկատի ունենալով այս յանձնարարականները, որոնք թեքնիք ուսումնասիրութիւններէն պիտի բխին, որպէսզի Եգիպտոսի եւ Սուտանի վնաս չհասնի:

Եթովպիական կողմը յայտնած է, որ այս հարցով Եգիպտոսէն, Սուտանէն եւ Եթովպիայէն թեքնիք յանձնախումբի մը կազմութեան դէմ չէ` նշելով, որ Եթովպիան կը շեշտէ, որ այս ծրագիրին նպատակը երկրին մէջ աղքատութեան եւ բարգաւաճման հարցերու դիմակայումն է:

Եթովպիոյ արտաքին գործոց նախարար Թատրոս Ատթանոմ յայտարարեց, որ «Կապոյտ Նեղոսի վրայ եթովպիական Նահտա ամբարտակի կառուցման գործողութիւնը պիտի չդադրի»` նշելով, որ «բոլոր եթովպիացիները այս ամբարտակի կառուցման յաջողութեան ուղղութեամբ պիտի աշխատին»: Ան նշեց, որ «եգիպտացի քաղաքագէտներուն հրապարակած սխալ տեղեկութիւնները եթովպիական կողմը տխրեցուցին, եւ Եթովպիա խանդավառ է Եգիպտոսի հետ համագործակցելու, սակայն ամբարտակի կառուցումը պիտի չդադրի»:

Յորդանանի մէջ Սուտանի դեսպան Օսման Նաֆեհ յայտնեց, որ Եգիպտոս եւ Սուտան Նահտա ամբարտակի հարցին վերաբերեալ նոյն կարծիքը ունին` նշելով, որ այդ հարցով երկու երկիրներուն միջեւ համակարգում գոյութիւն ունի:

«Պիտի չդիմենք որեւէ քայլի, որ կրնայ Եգիպտոսի շահերուն վնասել, որովհետեւ այն, ինչ որ Եգիպտոսի վնաս կը պատճառէ, նաեւ Սուտանի վնաս կը պատճառէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի եւ Սուտանի ազգային ապահովութիւնը մէկ է եւ իրարու համահունչ»: «Յառաջիկայ օրերուն Սուտան պիտի փաստէ, որ Նահտա ամբարտակի խնդիրին մէջ Նեղոսի ջուրերուն հարցով Եգիպտոսի շահերուն նախանձախնդիր է», ընդգծեց Նաֆեհ:

 

Share this Article
CATEGORIES