Յունաստանի Վարչապետը Առաջարկած Է Բարեփոխումներ Կատարել
Rosblat.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս առաջարկած է բարեփոխումներ կատարել, մասնաւորաբար երկրի նախագահի ընտրութիւնը դարձնել ուղղակի ժողովուրդին կողմէ եւ խորհրդարանի վերին պալատ` Ծերակոյտ ստեղծել: Նշենք, որ ներկայիս խորհրդարանը կ՛ընտրէ Յունաստանի նախագահը:
Սամարաս յիշեցուցած է 2011-ին Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բարեփոխումներու համալիր ծրագիրը եւ առաջարկած ներկայիս հանրային քննարկում կատարել բոլոր հիմնական հարցերուն շուրջ: Ըստ անոր, անհրաժեշտ են նաեւ ծրագիրներ, որոնք թոյլ չեն տար յաճախ արտակարգ ընտրութիւններ կատարել:
Մինչ այդ, յունական օրաթերթերէն մէկուն մէջ կիրակի օր հրապարակուած են հանրային հարցախոյզի մը արդիւնքները, ըստ որոնց, հարցախոյզին մասնակիցներուն 57.1 առ հարիւրը դէմ է արտակարգ ընտրութիւններուն, իսկ 40.1 առ հարիւրը` կողմ:


