Իտալիոյ Կառավարութիւնը Գործազրկութեան Դէմ Պայքարին Համար 4 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ
Rosblat.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը որոշած է շուրջ չորս միլիառ տոլար յատկացնել` աջակցելու համար երկրին տնտեսութեան վերականգնման: Այդ միջոցներով կառավարութիւնը պիտի փորձէ լուծել գործազրկութեան բարձր մակարդակի հարցը:
Իտալիոյ վարչապետ Էնրիքօ Լեթթա յայտարարած է, որ յատկացուած միջոցներուն օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել երեսուն հազար աշխատատեղի: Տնտեսութեան պահպանման ուղղուած միջոցառումները` յստակեցուած Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ, ուղղուած են նաեւ հարկային բեռի թեթեւացման եւ նաւակներու եւ զբօսանաւերու վրայ սահմանուած տուրքերու նուազեցման:
Յիշեցնենք, որ ըստ փորձագէտներու նախատեսութեանց, Իտալիոյ մէջ գործազրկութեան մակարդակը յաջորդ տարի պիտի հասնի մրցանշային 12.3 առ հարիւր ցուցանիշի:
CATEGORIES Միջազգային


