«Ռուսիա Ուժ Չկիրարկելու Պարտաւորութիւններ Պէտք Է Ստանձնէ» Կ՛ըսէ Զալքալիանի
«Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին տեղակալ Տաւիտ Զալքալիանի մեկնաբանած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ ռուսական արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թիֆլիսին կոչ կ՛ուղղէ պարտաւորութիւն վերցնել, որ ան Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ դէմ ուժ պիտի չկիրարկէ:
«Ուժ չկիրարկելու վերաբերեալ պարտաւորութիւնները Վրաստան միակողմանի կերպով ստանձնած է 2010-ին, ինչ որ նաեւ ամրագրուած է խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումին մէջ», նշած է ան` աւելցնելով, որ այժմ ժամանակն է, որ Ռուսիան ուժ չկիրարկելու վերաբերեալ պարտաւորութիւններ ստանձնէ:
CATEGORIES Միջազգային

