Հաղորդագրութիւն
Պատմական Հայաստանի մասնիկ Ջաւախքը կը գտնուի ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս, բայց մեծամասնութեամբ հայաբնակ հայկական հողամաս է: Ջաւախահայութիւնը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ: Ջաւախքը ճանչնալը եւ Ջաւախքահայ բնակիչներուն հարցերուն գիտակից ըլլալը անհրաժեշտ են:
Առ այդ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբը իր աշխատանքներէն կարեւոր բաժին մը յատկացուցած է Ջաւախքին: Արդարեւ, անցեալ տարի յունիս 2012-ին, ԶՈՄ-ը, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ, կազմակերպեց Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկ մը: Այս տարուան աշխատելաձեւը ստացաւ տարբեր բնոյթ` շրջիլ հայկական դպրոցներ եւ ծանօթացնել Ջաւախքն ու ջաւախահայութիւնը միջնակարգ եւ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն:
Ծանօթացումը կը սկսի տեսերիզով մը, որ ցոյց կու տայ ջաւախահայերուն կեանքը: Ապա, արագ աշխարհագրական եւ պատմական ակնարկներէ ետք, աշակերտները կը ծանօթանան ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային հարցերուն. Ջաւախքահայերը կը տառապին անգործութենէ, հեռացուած են պետական պաշտօններէ, հայկական դպրոցները կը գտնուին վատ վիճակի մէջ, հայ աշակերտը հետզհետէ կը զրկուի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասապահերէն, որոշ հայկական եկեղեցիներու մէջ արարողութիւնը արգիլուած է, հայկական բերդերու վրայ մզկիթներու զետեղման փորձեր տեղի կ՛ունենան… Յետոյ, Ջաւախքի քաղաքական իրավիճակը կը ներկայացուի աշակերտներուն. ջաւախահայերը ճնշուած պայմաններու մէջ կ՛ապրին, հայ քաղաքական գործիչները կ՛ենթարկուին հալածանքի, երիտասարրդներ կը ձերբակալուին ապրիլ 24-ի ոգեկոչման արարողութիւններո ընթացքին, երիտասարդութեան մէկ մասը ունի քրէական յանցանք` յերիւրածոյ պատճառներու հետեւանքով, ուրեմն անկարող է հասարակական գործունէութիւն ունենալու: Ծանօթացման վերջաւորութեան աշակերտներուն կը տրուի հարցումներու առիթ:
Պէտք է նշել, որ դպրոցները շրջելով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան քարոզչական յանձնախումբի ծրագիրը ոչ միայն կը նպատակադրէ Ջաւախքը ծանօթացնել հայ աշակերտին, այլ նաեւ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ/ուսուցչուհիներուն կը մղէ Ջաւախքի հարցը ներառել իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ:
ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ

