Ֆրանսական Մշակութային Կեդրոնին Մէջ. «Էշկի Մեմեկ` Թթու Ծիծեր Եւ Այլ Թարգմանութիւններ» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

«Պօղոսեան» հիմնադրամին Ֆրանսական հիմնարկին հովանաւորութեամբ եւ Ամանտա Ապի Խալիլի կազմակերպութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 18 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պելճիքացի Լոր Տը Սելիսի եւ պուրճհամուտցի Պերճուհի Իւրնեշլեանին «Էշկի մեմեկ` Թթու ծիծեր եւ այլ թարգմանութիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը: Լուսանկարներու շարքերու, տեսերիզներու եւ արուեստի սարքաւորումներու ընդմէջէն, Պերճուհի Իւրնեշլեանի առօրեան կը ներկայացուի հանրութեան: Սրահին մուտքին աջին կը կարդաս «Էշկի մեմեկ»-ին «ճանապարհորդութիւնը», սակայն աւելի անդին առջեւդ կը բացուին արուեստի գեղեցկութեան մէջ թաթխուած եւ Պերճուհին ներկայացնող ու հինն ու նորը իրար խառնող ցուցադրութիւններ, որոնք կը ծնին այս հայ ծերունիին Պուրճ Համուտի տունէն` հասնելով մինչեւ Պոլիս եւ ապա Պէյրութ:

«Առաջին վայրկեանէն արդէն ծրագիրին հիմնաւորումը Էշկի մեմեկն էր: Հետաքրքրուած էի Պերճուհիին անցեալով, որուն քուլիսներուն մէջ կ՛երեւին հայ-թուրք բախումներ, միեւնոյն ժամանակ լեզուները կը միանան եւ յիշողութիւն մը կը ստեղծեն», ըսաւ Լոր Տը Սելիս` խօսելով ցուցասրահին ներսի սենեակին մէջ ցուցադրուող տեսերիզին մասին, որ դէպի Պոլիս կատարած իրենց ճամբորդութեան մասին է: «Կը տեսնես, թէ Պերճուհին ցոյց կու տայ իր պատրաստած վզնոցները, եւ այս ընթացքին իր տիրապետած թրքերէնով կ՛արտայայտուի իր ներաշխարհին մասին», աւելցուց ան:

Ցուցասրահին աջ կողմը կը ցուցադրուին Պերճուհիին պատրաստած վզնոցներէն ու ապարանջաներէն նմուշներ, որոնցմէ գեղարուեստական սարքաւորումներ զետեղուած են նաեւ սրահին զանազան անկիւնները: Կը տեսնես նաեւ Պերճուհին, որ քլարինեթ կը նուագէ:

Ցուցահանդէսին ներկայ էր լիբանանցի մտաւորականներու խումբ մը: Բացման հանդիսութեան խօսք առին «Սէ. Սէ. Էֆ»ի ներկայացուցիչը, Ամանտա Ապի Խալիլ, Արփի Մանկասարեան եւ «Պօղոսեան» հիմնարկի ներկայացուցիչը:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 12 յուլիս:

 

Share this Article
CATEGORIES