Աթլեթիզմ. Փիա Նաամէ Լիբանանեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց 1500 Մեթր Վազքի Մրցումներուն

Լիբանանցի Փիա Նաամէ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Շերպրուքի (Քանատա) աղջկանց վազքի 1500 մեթրի մրցումներուն, լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 4′ 44″ 15 արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Միրվաթ Համզայի, որ նոյն այս վազքի մրցումին նախապէս արձանագրած էր 4′ 44″ 18 արդիւնք մը:

Նաամէ 14 վազողներուն մէջ հանդիսացաւ 7-րդ: Տարբեր կրնար ըլլալ պարագան, եթէ ան քանի մը երկվայրկեանի տարբերութեամբ կանուխ հասնէր ժամանման գիծ, որմէ ետք բնականաբար պիտի բարձրանար փոտիում:

Նշենք, որ Փիա Նաամէ այսպիսով լիբանանեան եօթը մրցանիշներ հաստատած է` հետեւեալ ձեւով. 3000 (բացօթեայ եւ փակ դաշտ), 5 եւ 10 հազար, կէս եւ լման Մարաթոն, ինչպէս նաեւ 1500 մեթր վազք:

 

Share this Article
CATEGORIES