Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Պեքաան զինուորական գօտիի վերածելը կառավարութեան որոշումի մը կը կարօտի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք պարզապէս «կեցուածքի զէնք»-ին տէր են եւ խստիւ կը մերժեն Սուրիոյ տագնապին Լիբանանի միջամտութիւնը:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք լուռ կ՛աշխատին Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդները ազատ արձակելու նպատակով` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւններուն յառաջընթացին գծով թակած են բոլորին դռները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Թոնի Ապու Խաթեր շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը ուղղած է դէպի անդունդ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը իշխանութիւններուն օրինականութեան բնօրրանն է` աւելցնելով, որ խորհուրդին կողմէ ներկայիս կատարուածը վտանգաւոր նախընթաց մըն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ կամայ թէ ակամայ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական իրավիճակը ինքզինք կը պարտադրէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ոչինչ կատարած է երկրին համար, «իսկ անոր որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը Լիբանանին միայն փորձանք բերած է», ըսաւ ան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի վարուելակերպը` շեշտելով սակայն, որ իրենց միջեւ դաշինքը տակաւին առկայ է:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նորընտիր նախագահ շէյխ Հասան Ռուհանիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը ընդունեց նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ թշնամանք չկայ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Սուրիոյ դէմ պատրաստած բողոքագիրը անտեղի է:

