Մուսթաքպալ Պլոքը Հըզպալլան Պատասխանատու Նկատեց Ծոցի Երկիրներուն Մէջ Ոեւէ Լիբանանցիի Հասնելիք Վնասի
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց պլոքի անդամ երեսփոխան Ամմար Հուրի, որ Մուսթաքպալի անունով ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ բողոքագիրի յանձնումը Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիին:
«Լիբանանի դէմ Սուրիոյ գործած յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն մասին այդ բողոքագիրը, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր կը զլանար յանձնել Փլամպլիի` գործելով երկրին ազգային եւ սահմանադրական սկզբունքներուն դէմ, հանրապետութեան նախագահը յանձնեց զայն` պաշտպանելով երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը», ըսաւ Հուրի:
Մուսթաքպալ պլոքը նշեց նաեւ, որ Հըզպալլան պատասխանատու է Ծոցի երկիրներուն մէջ ոեւէ լիբանանցիի հասնելիք վնասին, որովհետեւ Հըզպալլան է, որ միջամուխ կը դառնայ Սուրիոյ տագնապին:

