Սահմանադրական Խորհուրդին Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարուի Ուրբաթ Օր
Սահմանադրական խորհուրդը երէկ չկրցաւ գումարել իր նիստը` խորհուրդին անդամ 3 դատաւորներու բացակայութեան պատճառով:
Խորհուրդի անդամ նոյն դատաւորները` երկու շիի` Մոհամետ Պասսամ Մուրթատա եւ Ահմետ Սաֆիէտտին եւ մէկ տիւրզի` Սուհել Ապտել Սամատ, բացակայեցան նիստէն:
Սահմանադրական խորհուրդի անդամ դատաւոր Անթուան Խէյր նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդին յաջորդ նիստը պիտի գումարուի ուրբաթ, 21 յունիսին:
Միւս կողմէ, Սահմանադրական խորհուրդին կեդրոնին դիմաց կազմակերպուեցաւ ցոյց մը` քաղաքացիական հասարակութեան մաս կազմող կարգ մը միութիւններու կողմէ:
Ցուցարարները հաստատեցին, որ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին վիճարկումը չքննարկելով` խորհրդարանին օրինականութիւնը վերջ կը գտնէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

