«Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Որոշումի Վիճարկումին Հարցով Բոլորը Ընդդիմացան Մեզի» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար յստակ էր, որ Սահմանադրական խորհուրդը պիտի չկարենայ իր օրինաւոր նիստը գումարել` բաւարար անդամներու թիւի չգոյութեան պատճառով:
Ան աւելցուց սակայն, որ այդ մէկը ցաւալի իրականութիւն մըն է, որ պարզուած է Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ:
Զօր. Աուն խօսելով երկրին գերիշխանութեան մասին շեշտեց, որ գերիշխանութիւնը կարելի չէ մասնատել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մտածել Լիբանանի գերագոյն շահերուն մասին:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակը ամբողջ ընդդիմութեան պատասխանատուութիւնն է:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան զանազան շրջաններուն, որոնց շարքին նաեւ Ապրայի մէջ արձանագրուած զարգացումները ներքին ապահովութեան ուժերուն պատասխանատուներուն հետ խաղալու պատճառով են:
«Խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումի վիճարկումին հարցով բոլորը ընդդիմացան մեզի, եւ նոյնիսկ եթէ Հըզպալլայի երեսփոխաններուն քուէները նկատի չունենանք, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումը չի տապալիր», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնին դիմաց հաւաքուած ցուցարարները, որոնք իրենց լուսանկարները եւս հաւկիթի ու լոլիկի հարուածներու թիրախ դարձուցած են, խուլիկաններ են:
Անդրադառնալով անցեալ կիրակի օր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ կատարուած յայտարարութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք չէ ըմբռնած Ռայի պատրիարքին կատարած ընդհանրացումը` աւելցնելով, որ իրենք հիմնականին մէջ Մարտ 8-ի կամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժեր չեն նկատուիր, այլ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբում:

