Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Հիմնադրութեան 16-ամեակին Առիթով` «Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Օր»-ուան Յատուկ Տօնակատարութիւն
Ճարտարարուեստի նախարարութեան հիմնադրութեան 16-ամեակին առիթով` ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի հրաւէրով երկուշաբթի, 17 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Տըպպայէի Էմիլ Լահուտի անուան խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Լիբանանեան ճարտարարուեստի օր»-ը:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ` փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի, տնտեսական եւ դրամատնային մարզերու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ, գործատէրեր եւ լրագրողներ:
«Լիբանանեան ճարտարարուեստի օր»-ուան առիթով Վ. Սապունճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստը իր գոյութիւնը փաստած մարզ մըն է եւ անիկա բարգաւաճելու եւ ընդարձակուելու ատակ է: Ան հաստատեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երկրին ճարտարարուեստական արդիւնաբերութիւնը կը բարելաւէ, կը զարգացնէ եւ անոր հիմերը կ՛ամրապնդէ` որդեգրելով այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ կը պահպանէ երկրին տնտեսական հաւասարակշռութիւնը:
Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ երկրագործութեան, զբօսաշրջութեան, առեւտուրի, կալուածներու եւ տարբեր ծառայութեանց մարզերուն կողքին, ճարտարարուեստի մարզը երկրին համար կը փորձէ հաւասարակշռուած տնտեսութիւն ապահովել:
Նախկին նախարար Ատնան Քասսար իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ օժանդակելու ճարտարարուեստի մարզին փրկութեան:
Ձեռնարկի աւարտին պարգեւատրուեցան Լիբանանի մէջ ամէնէն շատ փորձառութիւն ունեցող, յաջող եւ հետեւողականութիւն ապահոված ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը, որոնց կարգին էին նաեւ Վ. Սապունճեան եւ Ատնան Քասսար:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին շրջագիծին մէջ ելոյթ ունեցաւ երաժիշտ-արուեստագէտ Կի Մանուկեան:

