Ֆայեզ Ղոսըն – Զօր. Քահուաժի Հանդիպում

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ամբողջ երկրին տարածքին բանակին կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Ղոսըն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին ի գործ դրած արտակարգ ջանքերն ու ճիգերը, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ: Ան շեշտեց, որ գնահատելի են բանակին ճիգերը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Ղոսըն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնուած է, աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն գնով պահպանել երկրին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բազմազանութիւնը:

Ղոսըն շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի վտանգաւոր հանգրուանի մը դիմաց, եւ այդ իրականութիւնը կարելի է շրջանցել լիբանանցիներուն գիտակցութեամբ եւ ինքնազսպումով:

Share this Article
CATEGORIES