Պըրրի. «Իրանը Եւ Սէուտական Արաբիան Կրնան Օժանդակել Սիւննի-Շիի Սադրանքներուն Վերջ Տալու Իմաստով»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան կրնան օժանդակել սիւննի-շիի սադրանքներուն վերջ տալու իմաստով:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց լիբանանեան բանակին նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Պըրրի բարձր գնահատեց Իրանի նախագահական ընտրութեան տիրած ժողովրդավարական մթնոլորտը:
CATEGORIES Լիբանանեան

