Էշթըն Այցելեց Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահներուն

Էշթըն եւ Պըրրի

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, որ նախանցեալ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանած էր Լիբանան, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն հարցը եւ Լիբանանի դիմագրաւած ծանր բեռը` զանոնք հիւրընկալելու առումով:

Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց իր կեցուածքները եւ Լիբանանի առաջարկները` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու իմաստով: Ան կոչ ուղղեց յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու Լիբանանին, որպէսզի ան իր կարգին կարենայ սուրիացի գաղթականներուն իր ծառայութիւնները շարունակել:

Իր կարգին, Էշթըն հաստատեց Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանին, ինչպէս նաեւ նախագահ Սլէյմանին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով ու «Պաապտայի յայտարարութեան» կառչած մնալու առումով անոր դերակատարութեան:

Էշթըն ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը հետապնդէ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը եւ այդ նպատակով ալ կը ջանայ Լիբանանին տրամադրուելիք նիւթական նպաստները աւելցնել:

Էշթըն մաղթեց, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ունենայ կառավարութիւն մը, որ կը յաղթահարէ այս հանգրուանին երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Այն Թինէի Մէջ

Էշթըն այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը Լիբանանի վրայ` տնտեսական, ապահովական, ընկերային եւ քաղաքական առումով:

Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է միջազգային յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել` Սուրիոյ տագնապին անհրաժեշտ լուծում մը ապահովելու իմաստով, եւ ոչ թէ յաւելեալ զէնք տրամադրել:

Քննարկուեցան նաեւ սուրիացի գաղթականներուն դիմագրաւած ծանր պայմանները. այս առնչութեամբ Պըրրի հաստատեց, որ միջազգային հետաքրքրութիւն իսկ չկայ գաղթականներուն մարդկային տարրական կարիքները ապահովելու իմաստով:

Պէտք է աւելցնել, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին Էշթըն կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն յանձնառու մնալու չէզոք քաղաքականութեան եւ թեթեւցնելու երկրին մէջ տիրող գրգռութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ Էշթընի կատարած բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին, անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը:

Էշթըն երէկ յետմիջօրէին աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը ուղղուեցաւ Գահիրէ:

Նշենք, որ Էշթըն ջնջեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ իր ունենալիք հանդիպումները: Նշեալ հանդիպումները ջնջելու պատճառներուն մասին բացատրութիւններ չտրուեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES