Նախագահ Սլէյման Փլամպլիի Յանձնեց Սուրիոյ Դէմ Բողոքագիր Մը Եւ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերէն Ստանձնեց Պահանջագիր Մը

Նախագահ Սլէյման եւ Փլամպլի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն յանձնեց Լիբանանի դէմ Սուրիոյ բռնարարքներուն մասին բողոքագիր մը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:

Սինիորա յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է նախագահ Սլէյմանի յանձնել պահանջագիր մը, որուն մէջ դրսեւորուած են նաեւ լիբանանեան ներկայ իրավիճակն ու Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքները:

Պահանջագիրին մէջ նշուած էին հետեւեալ կէտերը.

ա) Հըզպալլայէն պահանջել Սուրիոյ հողերէն անմիջական եւ ամբողջական հեռացում:

բ) Լիբանանեան բանակը դիրքաւորել Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ` պահանջելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն օժանդակութիւնը,

գ) Հանրապետութեան նախագահին իմաստուն կեցուածքներով եւ քաջութեամբ զինուիլ` փրկելու համար Լիբանանը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ չէզոք է եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն` աշխատանքային իր ծրագիրին մէջ ունենալով «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

Ստանձնելէ ետք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջագիրը, նախագահ Սլէյման ընդգծեց ազգային երկխօսութեան եւ հաշտութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել Լիբանանին եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան սպառնացող մարտահրաւէրները:

Share this Article
CATEGORIES