Սայտայի Մէջ Ստեղծուեցաւ Յանկարծակի Պատերազմական Վիճակ Մը, Որ Շուտով Հակակշռուեցաւ Բանակին Կողմէ

Թրիփոլիէն եւ Հիւսիսային Պեքաայէն ետք, ապահովական խախտումները երէկ թիրախ դարձուցին Սայտան, որ իր կազմուածքով արդէն իսկ դիւրաբեկ ապահովական իրավիճակ մը կը պարզէ:

Սայտայի Ապրա շրջանին մէջ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հետեւորդները կանխամտածուած կերպով ստեղծեցին լարուած վիճակ մը, որուն ընթացքին անոնք սկսան կրակոցներու, ապա հրթիռարձակումի, «Էր. Փէ. Ժէ.» եւ «Պէ. 7» տիպի նռնականետերու արձակման, ձեռնառումբերու գործածութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը փողոցներ եւ մայրուղիներ փակելու քայլերուն:

Կրակոցին կողքին, շէյխ Ասիրի զինեալները դիրքաւորուեցան նաեւ Սայտայի զանազան շրջաններուն մէջ: Աւելի ուշ, յստակ դարձաւ, որ Սայտայի մէջ ոչ մէկ բախում արձանագրուած է, այլ` տեղի ունեցած են վերացական բախումներ, առանց հակառակորդ կողմի գոյութեան:

Կայ նաեւ այլ վարկած մը, որուն համաձայն, Ասիրի հետեւորդ զինեալներուն եւ Սարայա Մուքաուամայի ու Հըզպալլայի միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուած են:

Սակայն կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն ետք Սայտայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը շրջանի բնակչութիւնը սարսափահար դարձուց, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձաւ, որ շրջանին բոլոր վաճառատուները փակուին:

Շէյխ Ասիրի հետեւորդ զինեալներուն եւ արձակազէններուն կրակոցները թիրախ դարձուցին բազմաթիւ բնակարաններ եւ պատճառեցին զոհեր ու վիրաւորներ:

Սայտայի բնակիչներուն մեծ մասը սակայն անակնկալի չմատնուեցաւ այս կացութեան ի տես` նկատի ունենալով, որ շէյխ Ասիր անցեալ ուրբաթ օրուան քարոզին մէջ յայտարարած էր, որ պատերազմը

ժամերու հարց է, եւ արդէն իսկ լուր տարածուած էր, թէ շէյխ Ասիրի զինեալները Սայտայի մէջ որոշ քայլերու պիտի դիմեն:

Շէյխ Ասիրի զինեալները զսպելու նպատակով բանակի հրամանատարութիւնը յաւելեալ ուժեր ուղարկեց Սայտա եւ հակակշռեց կացութիւնը` հակադարձելով կրակոցներուն եւ Սայտայի բոլոր մուտքերուն զետեղելով անցարգելներ:

Բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Սայտայի մէջ արձանագրուած ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով Ապրայի մէջ զինեալներ կրակեցին եւ քաղաքացիներ վիրաւորեցին:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ կրակոցներուն կողքին այլ զինեալներ փութացին փակելու Սայտայի ծովային մայրուղին, ինչ որ բանակը մղեց  միջամտելու եւ վերջ տալու զինեալ երեւոյթներուն եւ ապահովական կայունութիւնը պարտադրելու:

Բանակին հաղորդագրութիւնը զգուշացուց բոլոր զինեալները հեռանալու փողոցէն եւ վերջ տալու այս երեւոյթներուն` հաստատելով, որ բանակը պիտի չարտօնէ ապահովական որեւէ խախտում եւ պիտի հակադարձէ կրակոցներուն:

Նշենք, որ Սայտայի հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններ, ինչպէս` միւֆթի Մոհամետ Սելիմ Սուսան, Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատ եւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընդմէջէն կրցան Սայտային վերադարձնել իր խաղաղութիւնը եւ առիթ տալ բանակին, որ պարտադրէ կայունութիւնը:

Միւֆթի Սուսան յայտարարեց, որ բոլորը պէտք է ինքնազսպումի ենթարկուին եւ վերջ տան խուլիկանութեան, որովհետեւ Սայտա կը մերժէ ապահովական ապակայունութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ապրայի մէջ հանդարտութիւն եւ զգուշաւոր լռութիւն կը տիրէր: Զինեալ բախումներուն եւ արձակազինութեան պատճառով արձանագրուեցաւ զոհ մը` Մոհամետ Հաշիշօ եւ վիրաւորուեցան 5 ուրիշներ:

Բանակը Ապրայի մուտքին զետեղեց անցարգել մը եւ շրջափակեց Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը, ինչպէս նաեւ շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կատարեց շրջանին մէջ:

Նշենք, որ երեկոյեան Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալի հետեւորդները փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը` առ ի զօրակցութիւն շէյխ Ահմետ Ասիրի: Ցուցարարները հրկիզեցին նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարները:  Աւելի ուշ, բանակը յաջողեցաւ բանալ փակուած ճամբաները:

Share this Article
CATEGORIES