Վերահսկիչ Պալատին Բացայայտած Չարաշահումներուն Անդրադառնալով` «Կա՛մ Կառավարութիւնը Կը Ստէ, Կա՛մ Ալ Վերահսկիչ Պալատը» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան քննարկման ժամանակ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ թէեւ քննարկումները շատ կարեւոր են, բայց զարմանալի է, որ այսքան մեղադրանքներէ ետք կառավարութեան արձագանգը համարժէք չէ:
«Յստակ հարց դրուած է` Վերահսկիչ պալատը կը մեղադրէ կառավարութիւնը որոշ ոճիրներու մէջ, իսկ կառավարութիւնը կը պատասխանէ` այո՛, կ՛ընդունինք բացթողումները, բայց քրէական ոճիրի յատկանիշները չկան: Այդ պարագային կառավարութիւնը թող մեղադրանք ներկայացնէ Վերահսկիչ պալատին. կա՛մ վերահսկիչ պալատը սուտ կը խօսի, կա՛մ կառավարութիւնը, մէկն ու մէկը սուտ կը խօսի», յայտարարեց Մինասեան:
Ան վստահ է, որ Ազգային ժողովին մէջ նստածներէն որեւէ մէկը չի կասկածիր, որ այս բացայայտումներուն տակ քրէական մեծ ոճիր պահուած է: Մինասեան յայտարարեց, որ ընդդիմութեան չմասնակցիլը հոլովոյթներուն այս ամէնը շոյի կը վերածուի: «Եթէ կ՛ուզէք համապաստախան քայլ իրականացնել, ընդդիմութեան պէտք է հրաւիրէք, նոյնիսկ խնդրէք` պետականաշինութեան գործին մասնակից դառնալու», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը եւ իշխանութեան յայտնեց, որ գնդակը այժմ իրենց դաշտին մէջ կը գտնուի:
Նախանցեալ օր Արծուիկ Մինասեան փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանին հարց տուած էր Վերահսկիչ պալատի բացայայտած չարաշահումներուն վերաբերեալ, թէ արդեօք պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահումի եւ վարկային աղբիւրներու ոչ նպատակային օգտագործումի հարցերով կառավարութիւնը մտադի՞ր է դիմել ոստիկանութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան:
Փոխվարչապետը նախ յայտարարեց, որ տնտեսութեան նախարարութեան հետ քննարկած են վարկային միջոցներու անարդիւնաւէտ ծախսի հարցը, սակայն Վերահսկիչ պալատի արձանագրած այդ խնդիրները քրէաիրաւական հետեւանքներ չեն յառաջացներ:

