ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ Կ՛ԱՌԿԱԽԷ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ

Երէկ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի տան մօտ բախումները շարունակուեցան: Տասնեակ մը ցեղապետներ, որոնք անոր տան մէջ հաւաքուած էին առ ի զօրակցութիւն, անոր բնակարանին մէջ պաշարուած մնացին:

Բախումները տեղի ունեցան շէյխ Ահմարի տան եւ Եմէնի ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ: Բախումներու ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ, նռնականետեր եւ հրասանդներ: Բախումներուն պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն շարքին էր քաղաքական ապահովութեան մարմինի ղեկավար գնդ. Ղալեպ Քամըշ, շարք մը ցեղախումբերէ շէյխեր, ինչպէս նաեւ բախումներուն վերջ տալու համար միջնորդութիւն կատարող յանձնախումբէն անդամներ:

Ըստ ականատեսներու, երկուշաբթի օր տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արձանագրուած է 6 զոհ, որոնցմէ 5-ը շէյխ Ահմարի հետեւորդներ են:

Միւս կողմէ, Սանաայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտնեց, որ ապահովական վիճակին պատճառով, յառաջիկայ երկու օրերուն կը փակէ հիւպատոսական բաժինը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին խստիւ քննադատեց Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհը` նշելով, որ ան «այժմ միակ կողմն է, որ կը մերժէ խօսքերը գործի վերածել»` միաժամանակ աւելցնելով, որ «մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք իր ստանձնած իրերայաջորդ յանձնառութեանց տէր կանգնելու եւ իշխանութիւնը խաղաղ ու կանոնաւոր կերպով փոխանցելու, ինչպէս նաեւ եմէնցի ժողովուրդին օրինական կամքին գործադրութիւնը երաշխաւորելու: Աշխատանքի լծուելու պահը հիմա է»:

Եմէնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակազդեց ամերիկեան քննադատութեանց` յայտնելով, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը «եմէնեան ներքին հարց մըն է, եւ Եմէն արտասահմանէն պարտադրուած լուծումներ կամ իր ներքին հարցերուն միջամտութիւն չ՛ընդունիր»:

Share this Article
CATEGORIES