ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ԽՄԲԱԿԸ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՋԱՒԱԽՔԻ ՄԷՋ «ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՃԿՈՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ՎԱՐԵԼՈՒ
Միջազգային ճգնաժամային խմբակը հրապարակած է Ջաւախքի վերաբերեալ զեկուցում մը, որուն մէջ կը խօսուի ջաւախքահայութեան առջեւ ծառացած շարք մը խնդիրներու մասին:
«Ջաւախքի շրջանի համարկման մարտահրաւէրները» խորագիրով զեկուցումը կը նշէ, որ «Ջաւախքի բազմաթիւ հայեր իրենք զիրենք Վրաստանի լիարժէք քաղաքացիներ չեն զգար: Տեղւոյն խմբակներուն հետ երկխօսութեան սկսիլը շատ կարեւոր է: Լեզուական ճկուն քաղաքականութիւնը, նպատակաուղղուած տնտեսական նախագիծերը եւ երկրի գործերուն մէջ ներգրաւուելու աւելի լայն կարելիութիւն տալու քայլերը Վրաստանին թոյլ պիտի տան ցոյց տալու իր պատրաստակամութիւնը` մնալու իբրեւ բազմազգ երկիր, ուր փոքրամասնութիւնները իրենք զիրենք յարմարաւէտ պիտի զգան»:
Որպէսզի տեղւոյն տնտեսական եւ ընկերային դժգոհութիւնները չընկալուին իբրեւ ցեղային խտրականութիւն, Միջազգային ճգնաժամային խմբակը Թիֆլիսին խորհուրդ կու տայ իր քաղաքականութեան վերաբերեալ հայերէնով լիարժէք տեղեկատուութիւն տրամադրել տեղւոյն բնակչութեան, ինչպէս նաեւ խթանել Ջաւախքի համարկման, լեզուի եւ մարդկային իրաւանց վերաբերեալ քննարկումները:
Խմբակը Թիֆլիսին նաեւ կոչ կ՛ուղղէ երկարաժամկէտ պիւտճէական ներուժ տրամադրելու կրթութեան մարզին մէջ իրականացնելու այնպիսի նախագիծեր, ինչպիսին են, օրինակ, բազմալեզու դպրոցները, եւ երկրի օրէնսդրութեան մէջ ներառել փոքրամասնութիւններու լեզուական եւ կրթական հարցերը:
Խմբակը նաեւ կը յայտնէ, որ հայկական ընդդիմութիւնը, ազգայնական խմբակներն ու զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է գիտակցին, որ Ջաւախքի բնակիչները Վրաստանի քաղաքացիներ են, եւ այդպիսի նուրբ հարցեր պէտք չէ քաղաքականացուին: Իրադարձութիւններու զգացական լուսաբանումը եւ Վրաստանի ու Հայաստանի մէջ հակասական քաղաքական յայտարարութիւնները Ջաւախքի մէջ ապակայունացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման վտանգ կը յառաջացնեն:
«Վրաստանի ազգային շահերէն կը բխի շարունակել պահել ուշադրութիւնը շրջանին վրայ, մեծցնել իրեն նկատմամբ տեղւոյն ղեկավարներուն վստահութիւնը եւ անոնց մօտ պետութեան նկատմամբ հաւատարմութեան զգացում յառաջացնել», յայտարարած է Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրի տնօրէն Սապին Ֆրէյզըր եւ աւելցուցած. «Վրաստան պէտք է մարդկային իրաւունքները յարգելու օրինակ ծառայէ աշխարհի այն հատուածին համար, ուր փոքրամասնութիւնները խտրականութիւն կը զգան իրենց նկատմամբ եւ յաճախակի կերպով կը տարուին անջատողական գաղափարով»: