ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Հանդէս Եկած Են Յայտարարութեամբ
Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ, խոր ափսոսանք կը յայտնեն այն մասին, որ հակամարտող կողմերը բանակցային հոլովոյթին չեն կրցած խնդիրի լուծման հասնիլ: Այս մասին կը յայտնէ Tert.am լրատուական կայքէջը:
«Մենք մեր խոր ափսոսանքը կը յայտնենք այն մասին, որ բանակցային հոլովոյթին կողմերը փոխանակ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած լուծում գտնեն, կը շարունակեն ձգտելու միակողմանի ելքի», ըսուած է երեք երկիրներու նախագահներու` Վլատիմիր Փութինի, Պարաք Օպամայի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«Համոզուած ենք, որ հաւասարակշռուած շրջանակային համաձայնագիրի հետագայ ձգձգումը, որ կրնար խաղաղ լուծման յանգեցնել, անընդունելի է, եւ կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներուն` կեդրոնանալու դեռ բաց մնացած հարցերու լուծման վրայ», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա վստահութիւն յայտնած են, որ վերջին 4 տարիներու ընթացքին այդ նիւթով իրենց յայտարարութիւնները պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ տեւական լուծման հիմք հանդիսանան:
Երեք երկիրներու ղեկավարներուն կարծիքով` յայտարարութիւններու մէջ ներառուած դրոյթները պէտք է նկատի առնուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, ինչպէս նաեւ նշուած է, որ որեւէ մէկուն նախապատուութիւն տալու որեւէ փորձ կը բացառէ հաւասարակշռուած որոշում կայացնելու կարելիութիւնը:
«Մենք վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերու ղեկավարներուն անգամ մը եւս վերահաստատելու Հելսինքեան սկզբունքներուն հաւատարմութիւնը, մասնաւորապէս` ուժի կամ սպառնալիքի կիրարկման անընդունելիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք», ըսուած է Էնիսքիլենի մէջ որդեգրուած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

