Արցախ. Նախագահ Սահակեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Վճռաբեկ Դատարանի Պատուիրակութեան Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց Հայաստանի Վճռաբեկ դատարանի պատուիրակութիւնը` դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դատաիրաւական մարզին մէջ երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Երկու կողմերը ընդգծեցին կապերու հետագայ ընդլայնման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը, որուն համար առկայ են բոլոր պայմանները:

Հանդիպման մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի նախագահ Նարինէ Նարիմանեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Share this Article
CATEGORIES