Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ջանացէք կատարել ձեր ստանձնած պարտականութիւնը, որպէսզի կարենաք ձեր միտքը հանգստացնել: Պիտի վարձատրուիք դրական իմաստով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի օգնէք լքեալ անհատի մը, որ երախտապարտ պիտի մնայ ձեզի: Ձեր կարգին պիտի զգաք հոգեկան գոհունակութիւն: Ուրիշներ եւս պիտի շնորհաւորեն ձեր բարեգործութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կը սիրէք մշակութային գործունէութիւնը: Պիտի ունենաք ձեզի դիմող անձեր` ձեր գիտութենէն օգտուելու համար: Նկատի առէք արժանիները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ տրտնջաք, եթէ ձեր որոշած ծրագիրը կ՛ուշանայ: Գիտցէք, որ յաճախ  բարի նկատուած գործերը հակառակ արդիւնք կու տան, հետեւաբար այս յապաղումը նկատեցէք բարիք մը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աւելորդ ծախսեր ըրած էք անհաշիւ եւ կը կարծէք, թէ գումար մը կորսնցուցած էք: Ուշադիր եղէք, աշխատեցէք կեդրոնացած մտածողութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ հաւատաք աւելորդապաշտ անձերու խօսքերուն: Մնացէք հաւատարիմ` ձեր համոզումներուն եւ հաւատքին: Օրը պիտի ունենայ հաճելի հանդիպումներ յարգելի անձերու հետ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ պարտական էք ոեւէ մէկուն, վճարեցէք առանց երկարաձգելու եւ մոռացութեան տալու: Պարտաճանաչ ըլլալը լաւագոյն յատկանիշն է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
«Ինչ որ ցանէք, այն կը հնձէք» կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը: Օրը յարմար է ստանալու նուէր մը. նոյնպէս` պիտի փոխանակէք նուէր մը ձեր կարգին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յարգեցէք ձեր ժամադրութիւնը` առանց մոռնալ ձեւացնելու: Ձեր արդարամտութիւնը պիտի յարգուի ուշ կամ կանուխ: Մնացէք ձեր սկզբունքին հաւատարիմ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վրիժառութեան կամ քինախնդրութեան մտածումները ոչ մէկ արդիւնք կ՛ունենան: Հեռու մնացէք նման անձերէ, որոնք երբեմն բարեկամաբար կը մօտենան ձեզի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդութեան մը ծրագիր ունիք, բայց չէք կրնար որոշել ճիշդ ուղղութիւնը: Անորոշութիւնը փարատելու համար սպասեցէք ժամանակ մը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անժամանակ ոչինչ կատարեցէք: «Վարդը գարնան կը ծաղկի» կ՛ըսէ առածը, որ իրականութիւն է արդէն: Ձեր ծրագիրները կատարեցէք ճիշդ ժամանակին: Աշունը մի՛ շփոթէք գարնան հետ: Եղէք ճշգրտութեան հետեւող:

Share this Article
CATEGORIES