50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1963)

Իրական Թշնամիները

Մարդուն գերիվեր համարած մեծագոյն սրբութիւնը հաւանաբար հայրենիքն է, այն, որ բոլոր գաղափարները իր մէջ կը խտացնէ, ընթացք ու խոյանք կու տայ միւս գաղափարներուն:

Կարելիութիւններու այդ գումարին համար է, ճակատագիր մը իր արդիւնաւոր լրումին հասցնելու դիտումով իր ընծայած հնարաւորութիւններուն համար է, որ հայրենիքին ծառայելը կը համարէ իր առաջին պարտքը` նուիրաբերելով անոր, ի հարկին, ամէնէն թանկագինը` կեանքը:

Մեր մէջ այս զգացումը հիմա ուրիշ նկարագիր ստացած է, ոմանք ցուցական կեցուածքի մը վերածած են զայն, ոմանք մենաշնորհի, եւ ուրիշներու մօտ տրուած-ստացուած տիտղոս մըն է:

Հայրենիքին համար ոչինչ ըրած մարդը, ոչ մէկ զոհողութեան պատրաստ անձը, մէկ օրէն միւսը, յանկարծ հայրենասէրի հով մը կ՛առնէ եւ ատով պարտք մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ բարձրաղաղակ կը սոնքայ:

Շահագործումի նիւթ դարձած է հիմա հայրենասիրութիւնը, լաւագոյն պարագային` անհատական ու հանրային թշուառութիւններ ծածկող աղախինի դեր մը կը կատարէ` հիւսիսէն հարաւ ու արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք:

Այս եզրակացութիւնը անխուսափելի կը դառնայ, երբ մարդ գիտէ մօտէն ելլող ու հեռուէն դեռ նոր հասնող գոյնզգոյն թերթերը, թերթուկները, թափթփուկներու թափօրը:

Հայրենիքի շահագործումը անօրինակ համեմատութիւններու հասած է մարդերու այն խումբին մէջ մանաւանդ, որ տարին տասներկու ամիս, օր ու գիշեր հոկտեմբեր-նոյեմբեր կը խաղան:

Կարելի չէ մտածել, որ բուն, իրական, անդիմակ,  յաւիտենական հայրենիքը փառաբանիչի պարագայական դերեր սահմանած ըլլայ այս մարդոց:

Իւրաքանչիւրիս վրայ կատարելիք պարտք մը դրած է հայրենիքը` իր ներկային, ապագային, իր յաւիտենականութեան ի խնդիր:

Պայմաններու բերումով ստեղծուած սպասողական այս շրջանը նուազագոյն կորուստով բոլորելու արարքին մէջ կը կայանայ մեր առաջին պարտքը: Ապա մեր բռնագրաւուած իրաւունքներուն տէր կանգնելու  նոյնքան հրամայական երկրորդ պարտք մը դրած է մեր ուսերուն հայրենիքը: Ու մարդիկ, փոխանակ ծառայութեան այս ծանր, լուրջ, պատասխանատու ձեւը ընտրելու, որդեգրած են դիւրին կերպ մը եւ` կեցցէ՛ հոկտեմբերը, կեցցէ՛ նոյեմբերը:

Հոս դպրոց մը կանգուն պահելը նոյնքան կարեւոր է մեր հայրենիքին համար, որքան` իր ծոցին մէջ ծաւալած նոր թաղ մը:

Հոս տղայ մը հայ պահելը նուազ կարեւոր չէ ընդհանուր տոմարին մէջ, քան` հոն կառուցուող նոր մէկ ջրանցքը:

Մեր հայրենիքին կորսուած մասին հետապնդումը նուազ կարեւոր չէ, որքան` շահուածին առիթով ծափ  զարնելը:

Մենք արհամարհանք միայն ունինք այն մարդոց հանդէպ, որոնք ձեռնածալ կը նստին հոս ու տարին անգամ մը կամ երկու, ի հաճոյս հայրենիքի անցաւոր ստուերներուն, մէկ երկու յօդուած կը գրեն ու ծափ զարնելով` վերջացած կը համարեն իրենց պարտքը:

Դպրոց մը կը գոցուի: Բողոքող չկայ:

Մշակոյթ մը սպառնալիքի տակ է: Ընդդիմացող չկայ:

Սերունդ մը կ՛ուծանայ: Հակազդող չկայ:

Չկան: Զբաղած են: Ժամանակ չունին: Պէտք է սպասել իրենց: Աւելի ճիշդ` սպասել հոկտեմբերին: Երկրորդ անգամ հոկտեմբերին հրապարակ կու գան ու կը փայլին նոյեմբերի լոյսին մէջ` վերյիշելով գոց սորվուած յանկերգը եւ իրենց ողորմելի գոյութեան արդարացում մը փնտռող մարդոց յատուկ աղմուկով կը պոռան կրկին, կեցցէ՛ Հայաստանը, անպայմա՛ն սովետականը, նոյեմբերին ստեղծածը, հոկտեմբերին ընծայածը:

Զաւկին հետ օտար լեզուով կը խօսի: Կեցցէ՛ հոկտեմբերը կրկին:

Փեսան Մայքըլ է կամ Ֆիլիփ: Կեցցէ՛ նոյեմբերը:

Կինը օտար է: Հայաստանը կը բարգաւաճի՜:

Ասիկա հայրենասիրութի՞ւն եղաւ հիմա: Եւ եթէ ասիկա հայրենասիրութիւն է, ուրեմն ո՞րն է դաւաճանութիւնը:

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

 

Նորագիրներու Երդման Արարողութիւն
Թրիփոլիի Շրջանին Մէջ

Հինգշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան, տեղական ընկերներու սեղմ շրջանակի մը ներկայութեան, յետ կոմիտէի ներկայացուցիչի, հակիրճ, այլ ազդու բացման խօսքին, կատարուեցաւ չորս հայորդիներու ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն անդամակցելու երդման տպաւորիչ արարողութիւնը` կնքահայրութեամբ տոքթ. Ե. Խաթանասեանի եւ Մ. Թորլաքեանի: Ներկայ էր նաեւ Ս. Ազնաւորեան:

Ե. Խաթանասեան մեկին ու խորապէս տպաւորիչ խօսքերով, նորագիրներուն բացատրեց զոհողութեան ոգիի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ընդգրկած պահանջներուն գործադրման կարեւորութիւնը` ազգաշինութեան սրբազան գործի ծառայութեան մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ խրախճանք, ընտանեկան մտերմիկ շրջանակի մէջ:

Ինքնաբուխ կատարմամբ, եղան արտասանութիւններ եւ երգուեցան ազգային յեղափոխական եւ ժողովրդային երգեր ու խմբերգներ: Ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն: Իսկ ներկաներու անունով, սեղանապետ Լ. Թոքաճեանի երկիւղածութեամբ դրոշմած համբոյրը Մ. Թորլաքեանի վրիժառու աջին` յուզում յառաջացուց ընդհանուրին մէջ:

Խրախճանքը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Հայ Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

Անկախութեան Տարեդարձի
Շքեղ Տօնակատարութիւնը

Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 1 յունիս 1963-ին, «Պուշ հաուզ»-ի մեծ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լոնտոնի «Նաւասարդեան»-ի:

Աննախընթաց հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր:

Օրուան նախագահն էր Վահէ Աշճեան, որ հանդէսը բաց յայտարարեց եւ իր բացման խօսքին մէջ նախ ողջունեց անկախութեան 45-րդ տարեդարձը, ապա անդրադարձաւ մայիս 28-ի վաւերական արժէքին: Բացման իր խօսքէն ետք անցաւ օրուան յայտագրի գործադրութեան:

Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն մեներգեց Գ. Մահտեսեան: Արտասանեց Նելլի Մինասեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր Լոնտոն, «Հայաստանի կտրիճները», եւ ժողովուրդի փափաքին ընդառաջելով, արտասանեց ուրիշ մը եւս` «Աստուածակերտ իմ Հայաստան»:

Ապա նախագահը բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը` գրագէտ Պօղոս Սնապեան, որ Փարիզէն հրաւիրուած էր բանախօսելու օրուան առթիւ: Երիտասարդ գրագէտը ժողովուրդին բուռն ծափերով ողջունուեցաւ:

Գրագէտ Սնապեան խօսեցաւ հարազատ եւ խանդավառ: Իր խօսքերը արժանացան ժողովուրդին երկարատեւ ծափերուն եւ գնահատանքին:

Ապա նախագահը ըրաւ իր փակման խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով օրուան բանախօսին եւ յայտագրին մաս կազմողներուն: Հրաւիրեց Ժ. Ղարիպեանը` ստանձնելու համար օրուան թամատայութեան պաշտօնը:

Ժիրայր Ղարիպեան նախ շնորհակալական իր խօսքը յայտնեց նախագահին եւ բացուած յայտարարեց խրախճանքի բաժինը` հրաւիրելով Ա. Դաւիթեանը բեմ, որպէսզի ներկաներուն հրամցնէ երկու ժողովրդական մեներգներ` կիթառի ընկերակցութեամբ: Ան երգեց երկու երգ, առաջինը` «Առաւօտեան արշալոյսին», իսկ երկրորդը` «Իջաւ մարմանդ իրիկուն»:

Պէտք է նշել, որ երգերն ու արտասանութիւնը մեծ գնահատանքի արժանացան:

Խրախճանքի մասը նոյնպէս ճոխ էր եւ խանդավառ: Վարձուած էր լաւագոյն նուագախումբ մը, որ սկսաւ նուագել եւրոպական զանազան եղանակներ:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, եւ մեծ թիւով տոմսեր սպառեցան: Շահողներ ստացան գեղեցիկ նուէրներ:

Լոնտոնահայութիւնը նման փառաշուք խնճոյք չէր տեսած տակաւին: Անկախութեան տարեդարձով լոնտոնահայութիւնը նորոգեց իր ուխտը:

Տօնակատարութիւնը տեւեց մինչեւ կէս գիշեր:

Ղ. ԺԻՐԱՅՐ

Լոնտոն

Share this Article
CATEGORIES