Առողջապահական. Մեր Առողջութեան Նպաստող Համեմներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1.- Կասիա

Կասիայի հայրենիքը Սրի Լանքան եւ Չինաստանն են, փայտիկներու ձեւով թէ փոշիի վերածուած` զայն կարելի է օգտագործել մեր քաղցր եւ աղի խոհագիրներուն մէջ:

Կասիան թելադրելի է շաքարախտաւորներուն. անիկա կը հաւասարակշռէ շաքարի քանակը` արեան մէջ:

Բնաթելով հարուստ կասիան կը կանոնաւորէ աղիքներու եւ ստամոքսի գործունէութիւնը:

2.- Կոճապղպեղ

Կոճապղպեղը (ճինճըր) կ՛օգնէ մարսողութեան: Անիկա նաեւ լաւ «դեղ» մըն է սիրտխառնուքի. թելադրելի է յղի կիներուն եւ նաւով ճամբորդողներուն:

Կոճապղպեղը նաեւ կազդուրիչ է:

Մարմնին դիմադրողականութիւնը բարձրացնող այս համեմը յատկապէս թելադրելի է ձմեռնամուտին, քանի որ կը պաշտպանէ հարբուխէն, հազէն…

3.- Սեւ Պղպեղը

Ճաշերուն հաճելի բոյր տալու համար նախընտրեցէք գնդիկ սեւ պղպեղը (յատուկ ջաղացքի օգտագործումով) փոշի համեմէն. վերջինս ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր բոլոր յատկութիւնները` պահելու մի միայն կծու համ մը:

Սեւ պղպեղը կ՛աշխուժացնէ ջղային դրութիւնը:

Նոյն այս պղպեղը կ՛իջեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:

Վերջապէս, սեւ պղպեղը կ՛օգնէ մարմնէն դուրս քշելու թունաւոր նիւթերը:

4.- Քիմիոն

Քիմիոնը իր շեշտուած համով եւ բոյրով առաւելաբար կ՛օգտագործուի արեւելեան խոհագիրներուն մէջ:

Քիմիոնը կ՛օգնէ, որ աղիքներուն կազերը քակուին:

Մարսողութիւնը դիւրացնող այս համեմը խիստ յանձնարարելի է ծանր կերակուրներէ ետք, անշուշտ` տաք խմիչքի ձեւով:ւթիւնը:

Նոյն այս պղպեղը կ՛իջեցնէ գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:

 

Առողջապահական Բոյսեր

Շատ մը բոյսեր ունին տան ապականումները չէզոքացնելու յատկութիւն: Մեր ելեկտրական գործիքները, ծխախոտին ծուխը, ջեռուցիչները, մաքրութեան համար օգտագործուող քիմիական դեղերը… այս բոլորը կ՛ապականեն մեր տունն ու աշխատավայրը. հետեւաբար ինչո՞ւ չդիմենք բոյսերու օգնութեան` զանոնք չէզոքացնելու համար:

Նստասենեակին Համար
Բաղեղը (Lierre)

Այս բոյսը կը ներծծէ ծխախոտին ծուխէն տարածուող թունաւոր նիւթեր, ինչպէս նաեւ` մոքեթներու խէժերէն եւ պատերու ներկերու քիմիական նիւթերէն յառաջացող վնասակար նիւթերը, որոնք կ՛ապականեն սենեակը:

Յիշեցնենք, որ այս բոյսը աւելի օգտակար կ՛ըլլայ, երբ բարձր տեղէ մը կը կախուի. ինչ կը վերաբերի խնամքին, անիկա քիչ մը ջուրի եւ միջակ լուսաւորումի կը կարօտի:

Խոհանոցին Համար
Ֆիքիւսը

 

Հողէն դուրս ցցուած եւ գիրկընդխառնուած արմատներով ու մութ գոյնի, փայլուն տերեւներով այս բոյսը կը չէզոքացնէ մաքրութեան դեղերէն յառաջացող եւ օդին մէջ տարածուող քիմիական թոյները: Նշենք, որ խոհանոցն ու բաղնիքը այն վայրերն են, ուր ամէնէն աւելի կը գործածուին մաքրութեան ծառայող քիմիական դեղերը:

Որպէս խնամք` ֆաքիւսը կը պահանջէ չափաւոր ջուր եւ թեթեւ լուսաւորում:

Գրասենեակին Համար
Քաքթիւսը

 

Փշոտ, փոքրիկ եւ տոկուն այս բոյսը կը ներծծէ ելեկտրամագնիսական ճառագայթները, զորս կ՛արձակեն գրասենեակին ելեկտրական գործիքները (համակարգիչ, բջիջային, տպիչ, լուսապատճէնող գործիքներ եւ այլն…):

Մինչեւ իսկ կը թելադրուի փոքրիկ տունկ մը զետեղել համակարգիչի պաստառին շատ մօտիկ:

Քաքթիւսը առատ լոյս եւ շատ քիչ ջուր կը պահանջէ:

 

Խորհուրդներ` Առողջ Պտուղներ
Եւ Բանջարեղէններ Ընտրելու Համար

Սխտորը

Գնելու ատեն գլուխ մը սխտոր առէք ձեր ափին մէջ, անիկա պէտք է ըլլայ բաւականին ծանր եւ ամուր: Կեղեւը պէտք է ըլլայ փայլուն, առանց բիծերու, իսկ պճեղները` առանց կանաչ ծիլերու:

Անանասը

Անանասին արտաքին տեսքէն մի՛ խաբուիք: Անիկա դուրսէն կրնայ կանաչի զարնել, բայց` հիւթեղ եւ հասուն ըլլալ: Գնելու ատեն նաեւ ուշադիր ըլլալ անոր բոյրին: Իսկ ինչ կը վերաբերի տերեւներուն, եթէ զանոնք քաշելու պարագային անջատուին պտուղէն, կը նշանակէ, որ պտուղը հասուն է:

Կանկառը

Գնելու ատեն ընտրել միագոյն (կանաչ կամ մանիշակագոյն), առանց բիծերու տեսակը: Ձեռքին մէջ կանկառը պէտք է ըլլայ ծանր, ամուր, իսկ տերեւները` կոտրտող: Փափուկ եւ բծաւոր տերեւներով կանկառը չի կրնար թարմ ըլլալ:

Սմբուկը

Առողջ սմբուկը պէտք է ունենայ սահուն, փայլուն եւ առանց սրճագոյն բիծերու կեղեւ, անոր գոյնը պէտք է ըլլայ ոչ շատ բաց եւ ոչ ալ շատ մութ մանիշակագոյն:

Թուզը

Ինչ գոյնի ալ ըլլայ, հասուն եւ համեղ թուզ պէտք է որոշ փափկութիւն մը ունենայ, բայց ճզմուած չըլլայ: Անոր փոքրիկ կոթը պէտք է ըլլայ ամուր եւ առողջ:

Սեխը

Գնումի ատեն ընտրեցէք բուրաւէտ եւ ծանր տեսակը. ասիկա ապահով փաստ է անոր քաղցր եւ հիւթեղ ըլլալուն:

Բողկը

Ինչ գոյնի ալ ըլլայ, ընտրեցէք առողջ կապոցը, կանաչ, առողջ տերեւներով: Իսկ բողկերը որքան պզտիկ ըլլան, այնքան համեղ եւ քաղցր կ՛ըլլան: Խուսափեցէք կակուղ, ծալքաւոր մաշկով տեսակներէն:

 

Բոյսերու Խնամք

Ի՞Նչպէս Խնամել Խոլորձ Մը

Ջերմաստիճան

Տան մէջ խոլորձի (օրքիտէ) տունկը պէտք է զետեղել այնպիսի տեղ մը, ուր առաւօտեան օդը բաւական տաք, իսկ երեկոյեան զով կ՛ընէ: Ջերմաստիճանի այս փոփոխութիւնն է, որ անոր առողջ ծաղկումը կ՛ապահովէ:

Խոլորձը նաեւ թարմ օդ կ՛ուզէ, բայց` զգուշանալ օդի հոսանքներէն, որոնք կրնան կոտրել անոր դիւրաբեկ ցօղունը:

Լուսաւորում

Լոյսը սիրելով հանդերձ, պէտք է զայն հեռու պահել արեւի ճառագայթներէն: Թելադրելի է խոլորձը  զետեղել պատուհանի մը մօտ, բայց արեւէն պաշտպանուած ըլլայ թափանցիկ վարագոյրով մը:

Ջուր

Խոլորձին արմատները պէտք չէ որ ջուրի մէջ մնան, տունկին հողի բաժինը կարելի է ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ մխրճել, եւ երբ պղպջակները դադրին` անմիջապէս ջուրէն հանել:

Թելադրելի է հանքային ջուրով չջրել խոլորձը, այլ` օգտագործել նախօրօք հաւաքած անձրեւի ջուրը:

 

Խոհագիր

Ձմերուկի Պատառիկներ

Պատրաստութեան համար պէտք ունիք.

– Խորանարդաձեւ կտրտուած ձմերուկի կտորներու
– Ֆեթա պանիրի
– Թարմ ռեհանի

Պատրաստութիւն.

Ներկայանալի ամանի մը մէջ շարել խորանարդաձեւ կտրտուած ձմերուկի կտորները, իւրաքանչիւրին վրայ զետեղել կտոր մը ֆեթա պանիր եւ ռեհանի տերեւ մը եւ երեքը միասին հաստատել ներկայանալի ցպիկներով:

Բարի՛ ախորժակ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Իմ Կեանքը

Անփոյթ ապրեցի ես կեանքս բոլոր`
Մանուկի նման ու թագուհու պէս.
Գուցէ նրանից, որ թոյլ եմ իրօք,
Գուցէ նրանից, որ ուժեղ եմ ես:

Հեշտ հաւատացի, հաւատացրին ինձ
Ու երբ խաբուեցի, անէծքի տեղակ
Ինքս թաքցրի աչքս նրանից
Որ հայեացքի մէջ չկարդամ մեղայ:

Չորոնեցի յամառ ոչ մէկին,
Ես անհոգ եղայ գտածիս հանդէպ,
Երբեք չհաշուեց իմ հպարտ հոգին
Իր կորուստները անթիւ ու անտես:

Թէ փակել էր պէտք, ես դուռը բացի,
Թէ պահել էր պէտք, ասացի «գնա»,
Թէ կանչել էր պէտք, լռեցի խոնարհ,
Թէ արցունք էր պէտք, ես ծիծաղեցի:

Գուցէ նրանից, որ թոյլ եմ իրօք,
Գուցէ նրանից, որ ուժեղ եմ ես…
Անփոյթ ապրեցի իմ կեանքս բոլոր
Մանուկի նման ու թագուհու պէս…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES