Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Կայացաւ Կախաղան Հանուած
20 Հնչակեաններու Յիշատակի Ձեռնարկը
Հինգշաբթի, յունիս 13-ի երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ անօրինակ հաւաքոյթ մը, որ նուիրուած էր 1915-ին կախաղան հանուած քսան հնչակեաններու յիշատակին: Հաւաքոյթը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Ընթացքին խօսք առին Ռակըպ Զարաքօլու, Մասիս Քիւրքճիւկիլ, Մուսթաֆա Քեհիա եւ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան, որ եկած էր արտասահմանէն: Հանդիսավարն էր Ֆ. Փերիօղլու:
Զարաքօլու ըսաւ, թէ շատ երջանիկ է, որ ներկայ կը գտնուի այս պատմական հաւաքոյթին: «Ընկերվարական շարժումի գոյութեան մասին առաջին անգամ լսած էի 1970-ականներուն: Օսմանեան շրջանի առաջին ընկերվարականները հայերը եղած էին: Օսմանեան շրջանին մէջ ալ առաջին քաղաքական քայլարշաւներն ու ցոյցերը կազմակերպուած էին հայ ընկերվարականներու կողմէ: 1890-ին պատրիարքարանէն ելան ու քալեցին դէպի Պապ Ալի: Իթթիհատականները մօտաւորապէս 140 հայ ընկերվարականներ սպաննեցին: 15 յունիս 1915-ին քսան հայ ընկերվարականներ Պայազիտի կեդրոնը դրուած կախաղաններու վրայ մահուան դատապարտուեցան», ըսաւ Զարաքօլու եւ յայտնեց, թէ յարգանքով կը խոնարհի անոնց յիշատակին առջեւ:
Յետոյ խօսք առաւ Մասիս Քիւրքճիւկիլ, որ պատմական տեղեկութիւններ փոխանցեց` յիշեցնելով, որ միջոց մը հայ ընկերվարականներ ու քաղաքագէտներ գործակցած էին իթթիհատականներու հետ, բայց իթթիհատականները աւելի ուշ հայերու դէմ ելան` գործադրելով ահաւոր սպանդներ:
Օսմանեան շրջանի հայերուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Մուսթաֆա Քեհիա:
Արտասահմանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած Ալեքսան Քէօշկէրեան ըսաւ, որ շատ յուզուած է եւ երջանիկ, որ կը գտնուի քաջարի մարդոց շրջանակի մը մէջ: Ան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց:
Այս առթիւ հրատարակուած էր նաեւ գրքոյկ մը, ուր մէկ առ մէկ կը ծանօթացուէին կախաղան հանուած 20 հնչակեանները` գլխաւորութեամբ Փարամազի (Մատթէոս Սարգսեան): Այս անձերուն հայերէնով ու թրքերէնով տպուած կենսագրութիւններուն կ՛ընկերանային անոնց պատկերները:
Թեհրան
Իրան–Հայաստան Յարաբերութիւնները`
Թեհրանի Միջազգային Յարաբերութիւններու
Համալսարանին Մէջ
Յունիս 2-ին, Թեհրանի Միջազգային յարաբերութիւններու համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր Իրան-Հայաստան բարիդրացիական յարաբերութիւնները:
Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայաստանի աշխարհաքաղաքական եւ հայ ժողովուրդին պատմական տուեալները` անդրադառնալով Հայաստանի անկախացումէն ետք Իրան-Հայաստան տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային սերտ յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Իրանի հաւասարակշռուած դերակատարութեան: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Իրան առաջին երկիրներէն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն Իրան դարձաւ այն երկիրներէն, որ ընդունեց Ցեղասպանութենէն ազատած հայորդիները: Դեսպանը նաեւ կարեւոր նկատեց իրանահայութեան դերը` Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ:
Պուլկարիա
Հայ Գիրքի Տօնավաճառ
Կազմակերպութեամբ Փլովտիվի ՀԲԸՄ մասնաճիւղի Երիտասարդ արհեստավարժներուն, 19 մայիսին տեղի ունեցաւ «Հայ գիրքի տօնավաճառ», ուր ներկայացուած էին վերջին տարիներուն Պուլկարիոյ մէջ լոյս տեսած հայ հեղինակներու հրատարակութիւնները պուլկարերէն լեզուով:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց պուլկարահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեան: Այնուհետեւ գրագէտ Կարօ Աղջիեան ներկայացուց իր վերջին գիրքերը, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ խմբավար եւ մեներգչուհի Մերի Մովսիսեան մեկնաբանեց հայկական շարականներու փունջ մը, Փլովտիվի Մալվինա Մանուկեանի անուան մանկական թատրոնին սաները, գլխաւորութեամբ Վարդա Մարուքեանին, ներկայացուցին հայ եւ պուլկար բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն:
Պուլկարիոյ մէջ հրատարակչական գործի մէջ մեծ դեր ունեցած է ՀԲԸՄ Փլովտիվի մասնաճիւղը, հայ բարերար, մասնաճիւղի ատենապետ Ռուբէն Չաւուշեանի գլխաւորութեամբ:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՕՄ–ի Լոս Անճելըսի «Մայր» Մասնաճիւղի
Հիմնադրութեան 95-ամեակ
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Մայր» մասնաճիւղի 95-ամեակի յանձնախումբին, 3 մայիսին Կլենտէյլի «Ռընեսանս» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակը:
Օրուան բարի գալուստի եւ բացման խօսքը արտասանեց Վարդուհի Թաւուքճեան: Ապա օրուան հանդիսավար` «Մայր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մայտա Շահինեան գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց այն 20 ընկերուհիները, որոնք 50 եւ աւելի տարիներ ծառայած էին ՀՕՄ-ին եւ անոնց յանձնեց գնահատագրեր:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց ՀՕՄ-ի անսահման աշխատանքը` թուելով անոր անսակարկ նուիրումը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք Վարդուհի Շահինեան անգլերէնով փոխանցեց մասնաճիւղին խօսքը` շնորհաւորելով գնահատուող ընկերուհիները:
Օրուան բանախօս տոքթ. Կարօ Մոմճեան տպաւորիչ խօսքով վեր առաւ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղին 95-ամեակը` գնահատելով իւրաքանչիւր ՀՕՄ-ուհիի կատարած անսակարկ աշխատանքները: ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան իր գնահատանքի խօսքին մէջ բոլորին մաղթեց աւելի ուժ եւ կորով` դէպի պանծալի 100-ամեակ եւ ատենապետուհիին յանձնեց շնորհաւորական գնահատագիրը: Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Անի Քէշիշեան իր ուղերձին մէջ յիշեց ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղին տարած աշխատանքներէն կարեւորագոյնը, որն էր` առաջին շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնումը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, եւ ուրկէ կը վկայուին փայլուն հայ աշակերտներ, ապա փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրը եւ բարեմաղթանքները:
Արամ Ա. վեհափառ 2013 տարին Հայ մօր տարի հռչակելուն առթիւ, յուշագրերով պատուուեցան ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի ընկերուհիներէն երէցկին Լուսածին Նագգաշեան` որպէս այս տարուան մայրը, եւ` Մարթա Թիթիզեանը, որ 69 տարիներ ծառայած է ՀՕՄ-ին` իբրեւ Տիպար ՀՕՄ-ուհի:
Յայտնենք, որ շնորհաւորագիր մը տրուեցաւ նաեւ Էտըմ Շիֆի կողմէ, որ ներկայ էր ձեռնարկին:
Երիտասարդ Երգչախումբին Կատարումը
Մայիս 16-ին «Արարատ տան» Իկըլ Ռաքի մասնաճիւղին մէջ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն կազմուած երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նորայր Տատուրեանի եւ նուագակցութեամբ` Էլմիրա Սիմոնեանի, որ ներկայացուց հին ու նոր երգեր եւ կատարեց հայ բանաստեղծութեան ընտիր գործերու արտասանութիւններ:
Ելոյթի աւարտին խումբը այցելեց առանձնասենեակներ եւ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց` մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու հետ, որոնք տարիքի եւ առողջութեան բերումով չէին կրնար սրահ գալ: Տարեցները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին` աշակերտներուն օրհնութիւններ տալով, նաեւ` իրենք ալ իրենց կարգին երգելով եւ արտասանելով:
ՀՕՄ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի «Կարին» Մասնաճիւղի
80-ամեակ
Մայիս 18-ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, նշուեցաւ ՀՕՄ-ի Սան Ֆրանսիսքոյի «Կարին» մասնաճիւղին 80-ամեակը:
Օրուան բանախօս Կասիա Միքայէլեան պատմական ակնարկ մը նետեց ՀՕՄ-ի, նաեւ «Կարին» մասնաճիւղի երկար տարիներու գործունէութեան վրայ` գնահատելով մասնաճիւղի 80 տարիներու անխոնջ գործունէութիւնը եւ քաջալերեց շարունակել այս մարդասիրական գործունէութիւնը:
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ու շրջանի յարակից կազմակերպութիւններուն անունով շնորհաւորական ու գնահատական խօսքերով հանդէս եկաւ Ծովիկ Տէրունեան:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամուհիներէն Ճիւտի Ճինկիրեան զեկուցեց ՀՕՄ-ի աշխարհի մէջ 27 երկիրներու տարածքին գոյութիւն ունեցող 15 հազար ՀՕՄ-ուհիներուն մասին, որոնք բարեսիրական ու մշակութային աշխատանքներ կը տանին համայն հայ ժողովուրդին համար:
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անունով ողջոյնի ու շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան:
Ձեռնարկի աւարտին ՀՕՄ-ի «Կարին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Հուրիկ Այնթապլեան, դրուատելով ձեռնարկը հովանաւորող Արաքս Սարեանը, յիշեց անոր երկարամեայ ծառայութիւնը եւ առ ի գնահատանք` անոր յանձնեց յուշատախտակ մը: Հ. Այնթապլեան նաեւ գնահատական ու շնորհակալական խօսքեր յայտնեց «Կարին» մասնաճիւղի կրթաթոշակի յանձնախումբի ատենապետուհի Աննիկ Զինտարզեանին ու յանձնախումբին, որոնք 1990-1991-էն ի վեր յաջողեցան գոյացնել 82,000 տոլար ու զայն յատկացուցին 94 աշակերտներու:
80-ամեակի տօնակատարութեան առիթով Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լ. Պօզոյեան, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ազգանուէր ծառայութեան, յուշատախտակ մը յանձնեց «Կարին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Հ. Այնթապլեանին:
Տօնակատարութեան աւարտին շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Հ. Այնթապլեան:
«Վերապրող Հայ Մայր» Յուշարձանին Բացումը
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ
Մայիս 19-ին տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրբանկարներու օծումը եւ «Վերապրող հայ մայր» յուշարձանին բացումը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց եկեղեցւոյ բոլոր սրբապատկերներուն օծումն ու օրհնութիւնը:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, թէ ինչպէս որ մինչեւ հիմա համայնքի բոլոր միութիւններն ու անդամները սիրով համագործակցեցան եւ հասան եկեղեցաշինութեան հանգրուանին, այսուհետեւ անոնք հարկ է ջանան նոյն ոգիով ձգտելու հոգեւո՛ր եկեղեցիի շինութեան եւ պայծառութեան, աւելցնելով, որ այս գծով իւրաքանչիւր անհատ ընելիք ունի:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Վերապրող հայ մայր» յուշակոթողին բացումը, որ ներկայութեամբ բարերարներ Կերի-Կարպիս եւ Տորիս Պեննէ Տիրացու ամոլին:
Ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: «Լաս Վեկասի հայ պարողներ» փոքրերու պարախումբը ներկայացուց 3 խմբային պարեր:
Հայ Մշակութային Հիմնարկին
Տարեկան Ձեռնարկը
Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին եւ Հայ մշակութային հիմնարկին, 24 մայիսին «Օլիմփիք քլապ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթ-հանգանակային ձեռնարկը:
Յայտագիրին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկի (ՀՄՀ) երկար տարիներու աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրայր Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ՀՄՀ-ի ճամբով տարուած աշխատանքին ու նպաստներուն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Հայ մշակութային հիմնարկին վերջին 30-40 տարիներու գնահատելի աշխատանքներուն վրայ:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան
110-Ամեակին Նուիրուած Համերգ
Հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան, 5 յունիսին Նիւ Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար Կարինէ Պօղոսեանին նուագահանդէսը` նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան ներկայացուց Խաչատրեանին արուեստը` նշելով, որ ան տակաւին կը շարունակուի փառաբանուիլ աշխարհի տարածքին: Դեսպանը նկատել տուաւ, որ այս նուագահանդէսը Նիւ Եորքի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնելու եւ օտար երկիրներու եւ սփիւռքահայ ունկնդրին հաղորդակից դարձնելու առիթ է, ընդգծելով, որ երաժշտութիւնը միաւորող ուժ եւ հզօր միջոց է` գրաւելու մարդոց սրտերն ու զգացումները:
Քանատա
Հայաստանի Հանրապետութեան Տօնին
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Մայիս-յունիս ամիսներուն Քանատայի շարք մը քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ:
Հովանաւորութեամբ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, տեղի ունեցան ձեռնարկներ Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ` 26 մայիսին եւ 2 յունիսին:
Զոյգ ձեռնարկներուն խօսք արտասանեց Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, որ անդրադարձաւ Ա. Հանրապետութեան ձեւաւորման, ընդգծելով, որ պատմական ծանրագոյն պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը կրցաւ վերականգնել իր պետականութիւնը: Հայաստանի դեսպանը խօսեցաւ նաեւ 1918-ի իրադարձութիւններուն պատմական նշանակութեան մասին:
Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին հիմնական բանախօսն էր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Ա. Հանրապետութեան պատմութիւնը:
Յունիս 5-ին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ` կատարողութեամբ Նիւ Եորքէն ժամանած Քարըն Ուզունեանի, Դանիա Գաբրիէլեանի եւ Միհօ Սայեկուսայի:

