Ամառնային Ուսանողական Խաղեր (Քազան). Հայաստան Երեք Ծանրաբարձներով Կը Մասնակցի Խաղերուն

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը ներկայիս Ծաղկաձորի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ` պատրաստուելով Քազանի մէջ (Ռուսիա) 6-17 յուլիսին տեղի ունենալիք ամառնային ուսանողական խաղերուն:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին թղթակիցը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս Պօղոսեանի հետ հարցազրոյց մը ունենալով անկէ տեղեկացաւ հայրենի երեք ծանրաբարձներուն անունները: Անոնք են` Եւրոպայի փոխախոյեան, Սինկափուրի պատանիներու ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Սմբատ Մարգարեան (56 քկ), 2011-ին ուսանողական խաղերու յաղթական, 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան Աղասի Աղասեան (85 քկ) եւ Վարդան Դաւթեան (94 քկ):

«Մեզի համար մասնակցութեան երեք տեղ յատկացուած է եւ որոշած ենք, որ անոնք երեքը մասնակցին: Հայաստանի ախոյեանութեան եւ հաւաքներու ժամանակ արձանագրուած արդիւնքները նկատի առնելով` ընտրեցինք զանոնք, որովհետեւ իրենց ցուցանիշներով անոնք լաւագոյնն են», ընդգծեց մարզիչը:

ԱՅԼ գետնի վրայ, Ռուսիոյ հաւաքականի կազմին հետ հանդէս կրնայ գալ Տիգրան Ուզլեան (56 քկ):

Այս լուրը կրնայ յստականալ յառաջիկայ 26 յունիսին, յայտնեց Ռուսիոյ մարզիչ Իվան Շիթլովսքի:

Ուզլեան զոյգի մրցումներուն պիտի մասնակցի, որմէ ետք կը յստականայ անոր մասնակցութեան հարցը:

Այս դասակարգին մէջ Ռուսիոյ հաւաքականին մաս կազմելու համար թեկնածու է նաեւ Սերկէյ Վոթոփիանով:

Նշենք սակայն, որ Ռուսիոյ հաւաքականին մէջ է նաեւ հայազգի կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան (52 քկ):

Share this Article
CATEGORIES