Փիրս Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Անգլիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Սթիւըրթ Փիրս երէկ կորսնցուց իր պաշտօնը, երբ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկուեցաւ անոր:

Անգլիա իր կատարած երեք մրցումներն ալ (խմբակներու դրութեամբ) պարտութեամբ աւարտեց (Եւրոպայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ)` նշանակելով միայն կոլ մը, այդ ալ` փենալթիով:

Ֆետերասիոնին նախագահը` Տէյվիտ Պեռնսթեն ըսաւ, որ այժմ ժամանակը հասած է փոփոխութեան:

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ, 51 տարեկան Փիրս այդ պաշտօնին վրայ էր 2007-էն ի վեր: Ան եղած է նաեւ Անգլիոյ ֆութպոլի ողիմպիական կազմի մարզիչ:

Share this Article
CATEGORIES