Այսօր Կ՛աւարտի Մարզիչի Փրօ Արտօնագիրի Դասընթացքը
Շաբաթասկիզբին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզիչի ՓՐՕ արտօնագիրի դասընթացքը: Անիկա կ՛աւարտի այսօր` չորեքշաբթի, 19 յունիսին:
Այս դասընթացքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, 21 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան, 19 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան, հայկական ակումբներու գլխաւոր մարզիչներ Վարդան Բիչախչեան, Սեւատա Արզումանեան, մարզիչներ Սուրէն Չախալեան, Վարազդատ Աւետիսեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արմէն Սանամեան, Ալպերթ Սաֆարեան, Աշոտ Բարսեղեան եւ Սլաւա Գաբրիէլեան:
Այս դասընթացքին մասնակցողները նախորդ ապրիլին հերթական ուսումնական ուղեւորութեան (Սթատի Թրիփի) շրջանակներուն մէջ մէկ շաբթուան համար մեկնած էին Գերմանիա, ուր 2 խումբերու բաժնուելով մօտէն ծանօթացած էին գերմանական Պայէր Լեւերքուզըն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ ակումբներուն ենթակառուցուածքներուն, պատմութեան, փորձերու հոլովոյթին, մանկապատանեկան ֆութպոլի կազմակերպման ու զարգացման ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ եղած էին Գերմանիոյ Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան մրցումներուն:
Այժմ անոնք այդ ՓՐՕ արտօնագիրի դասընթացքին ընթացքին հանդէս եկան Գերմանիոյ մէջ իրենց տեսածներուն մասին զեկուցումով:

