Ղասսան Սարգիս Ընտրեց Իր 24 Մարզիկները
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ հրապարակեց անունները այն 24 մարզիկներուն, որոնք նկատի առնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի մարզիչ Ղասսան Սարգիսի կողմէ:
Ազգային խումբին պատասխանատուները այսօր` չորեքշաբթի, 19 յունիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին Տիք Մըհտիի մէջ գտնուող Շանվիլի դաշտին մէջ այդ 24 մարզիկներուն հետ պիտի գումարեն ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի փորձերուն ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ պիտի ճշդուի խումբին կատարելիք բանակումներուն ժամկէտը` պատրաստուելու համար միջազգային մրցաշարքերուն:
Ստորեւ` Լիբանանի մաս կազմող 24 մարզիկներուն ցանկը.
Ալի Մահմուտ, Ռոտրիք Աքըլ, Մոհամետ Իպրահիմ, Ժան Ապտել Նուր, Ամիր Սէուտ, Նետիմ Սայիտ, Հիւսէյն Խաթիպ, Ֆատի Խաթիպ, Էլի Ռըսթոմ, Էլի Սթեֆան, Մազեն Մընէյմնէ, Ռոյ Սըմահա, Ալի Քանաան, Պասել Պուժի, Լորըն Վուտծ, Ֆիլիփ Թապեթ, Պաշիր Ամուրի, Ալի Հայտար, Սամեր Ազիր, Նետիմ Հաուի, Քարլ Սարգիս, Ժերըտ Ֆէյմըս, Ղալեպ Ռիտա եւ Ժուլիան Խըզուհ:

