Օտարալեզու Գրականութիւն. Երեք Գրքոյկ Անգլերէն
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Թարգմանչական գրականութեան մասին չէ մեր ակնարկածը, այլ` հեղինակային գրականութիւն, ստեղծագործուած հայ գրողներու գրիչով:
Մեր ձեռքին ունինք անգլերէնով գրուած երեք գրքոյկ` «Hand in hand», «Destined to…» եւ «The spirits»: Հեղինակն է Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան, որ տիրապետած ըլլալով անգլերէն լեզուին` քաջալերուած է գրել անգլերէնով, այս պարագային` պատանիներու յատուկ պատմութիւններ, հեքիաթանման պատմուածքներ: Ան նկատի առած է մանուկներու եւ պատանիներու երազային աշխարհը, իր պատմութիւնները կ՛ուղղէ անոնց: Հրաշագործութիւններ կան հեղինակին պատմածներուն մէջ, երազը եւ իրականութիւնը կը միաձուլուին իրարու:
Իբրեւ կառոյց` տեղ-տեղ կը կարդանք իրական դրուագներ, որոնք շուտով կը վերածուին հեքիաթի, կարելի է հաւատալ մանկական երեւակայութեամբ, որուն ապաւինած է Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան:
Պարզ լեզուով գրուած, ինչպէս որ անհրաժեշտ էր, հասկնալի եւ խորհրդածութեան մղող: Հայկական աւանդները պահուած են, հայրենասիրական եւ մարդկային ապրումներու զգացողութիւնը զարգացնող պատկերացումներով արտայայտուած:
Անգլերէն լեզուն սորվողներուն համար ընթերցանութեան օգտակար գրականութիւն մը, իսկ անգլերէն գիտցող հայ կամ ոչ հայ ընթերցողին նոր ներշնչարան մը կը դառնան յիշեալ երեք հատորիկները:
Իր տեսակին մէջ նորութիւն նկատուած հրատարակութիւն մը, լուրջ աշխատանքի արգասիք:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ամփոփ գրախօսական մը «Ոգիները» երրորդ հատորիկին մասին:
Գիրքերու Հետեւողութեամբ
Ոգիները
Անգլերէն լեզուով գրուած, հայ նահատակ մանուկներուն ձօնուած գրքոյկ մըն է Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանին ստեղծագործած «Ոգիները»: Հայոց ցեղասպանութեան թեման եղած է ներշնչման մղումը: Հայկական ջարդերուն պատմութիւնն է, որ կը սկսի 1895-ի ջարդերէն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Խարբերդ, Տրապիզոն, Սեբաստիա, Կարին, Բաղէշ, Արաբկիր, Տիգրանակերտ, Մարաշ եւ Այնթապ: Այս ջարդերու ընթացքին զոհուեցան 350,000 հայեր, ցեղասպան թուրքին, չեչենին, չերքեզին, քիւրտին եւ ասոնց ցեղակիցներուն ձեռամբ: Այս մեծ ոճիրը կը նկատուէր սկիզբը ցեղասպանութեան, որ շարունակուեցաւ 1915-1920 թուականներուն:
«Ոգիները» գրքոյկին հեղինակը կ՛արձանագրէ այս եղեռնը, որմէ մեկնելով` կը յանգի այն համոզումին, որ հաւատքի զօրութեամբ զինք կ՛առաջնորդէ ոգիներու ներկայութեան, մարդոց ներաշխարհին մէջ, իբրեւ յոյս անկորնչելի:
Թամար Աբովեան-Խանճիհանեանի երեւակայութիւնը հաստատուած է զօրաւոր հիմերու վրայ, ինչ որ վարակիչ է, կը փոխանցուի ընթերցողին:
Կը հետեւինք ոգեկան աշխարհին մէջ ստեղծուած պատմագրութեան, որուն «աղբիւրը» հայոց ջարդերն են: Այս պարագային կը հանդիպինք երկու մանուկներու, Աննային եւ Դաւիթին, որոնք հրկիզուեցան հայոց եկեղեցիին մէջ, հարիւրաւոր հայերով: Անոնց ոգիները, սակայն, կը հանդիպին իրարու, կը զրուցեն իբրեւ կենդանի արարածներ: Մէկը միւսին հարցումներ կ՛ուղղէ.
– Ես քեզ տեսայ բոցերուն մէջ, տեսայ սարսափդ, սոսկումդ: Ես ալ հոն այրեցայ, բայց մենք չենք մեռած…
Հեղինակին երեւակայութիւնը կը զարգանայ: Քիչ ժամանակ անց Աննա եւ Դաւիթ կը հանդիպին երկու այլ մանչուկներու ոգիներուն, որոնք կը յանձնեն տոպրակ մը` Դաւիթին եւ Աննային, որուն մէջ կայ փայլուն հող: Կը պատուիրեն այդ հողը ցանել իրենց հայրենի հողին վրայ: Այն ատեն պիտի յայտնուի փրկութիւնը: Հայրենիքի սէրը, անոր հանդէպ անմար մնացած յոյսն ու հաւատքը, հայրենի հողին կանչը ներշնչման զօրութիւնը կը մնայ իւրաքանչիւր հայուն մէջ: Ապացոյցն է ներկայ մեր հայրենիքին անկախութիւնը: Պիտի շարունակուի յաղթանակը` մինչեւ մեր բռնագրաւուած հողերուն, մեր կորուսեալ հայրենիքին ամբողջական վերադարձը:
Յոյսին ու հաւատքին զօրութիւնը կը փառաւորուի այս գրքոյկով: Հրկիզուած մեր հայրենի տաճարներէն պիտի ծաղկին նոր հաւատք, պիտի պարտուի թշնամին, որ ծրագրած էր միայն մէկ հայ ողջ ձգել իբրեւ թանգարանի նմուշ:
Երեւակայութիւնը միացած իրականութեան, թեւանցուկ կը քալեն «Ոգիները» հատորիկին մէջ, զոր կարելի է մեկնաբանել բանաստեղծին խօսքով, հաւատքով գրուած.
«… Ու խաչեալին մահ չկայ…»:
15 մայիս 2013

