Լուսարձակ. Կեցցե՛ն «Ճաղատ»-ները Անկցի՛ն «Սոփրանօ»-ները (Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի Ելոյթին Առիթով)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մատնանշումը առհասարակ չի վերաբերիր սոսկ ճաղատներու եւ սոփրանոներու, որոնք նոյնքան մը արժանի են մեր ջերմ յարգանքին, անվերապահ աջակցութեան եւ խոր գնահատանքին:
Նման յստակացումի մը կարիքը զգացինք պարզապէս ընդգծելու, թէ կեանքի արահետներու մէջ գոյութիւն ունին նաեւ տարբեր տիպի «ճաղատ»¬ներ, որոնք շնորհիւ իրենց պայծառ մտքին, հոգեկերտուածքին եւ բացառիկ ունակութիւններուն, միշտ ալ ուզած են քայլ պահել կեանքի նորարար գաղափարներու, տեսակէտներու թէ մօտեցումներու հետ, եւ իրենց կարգին փորձած են անմիջական շրջապատի մը սեփականութիւնը դարձնել եզակի ընկալումներու եւ հասկացողութիւններու հրայրքը:
Միւս կողմէ, կեանքի լուսանցքին վրայ ցարդ առկայ են նաեւ տխեղծ ու պոռոտախօս «սոփրանօ»¬ներ, որոնք ոչ թէ միայն կը յաւակնին զգալի դարձնել իրենց տկլոր ներկայութիւնը, այլ նաեւ կը շարունակեն յագուրդ տալ իրենց նեղմտութեան, հոգիի դալկութեան եւ յանձնապաստան կենսակերպի մը յամեցումին:
Արդարեւ, գաղութահայ թատերական մեր կեանքը անկիւնադարձ մը եւս ապրեցաւ շնորհիւ բուռ մը նուիրեալ արուեստագէտներու, մշակոյթի սպասարկուներու, գեղարուեստի սիրահարներու ու մանաւանդ` հայ թատրոնի կոչումին, առաքելութեան ու վերելքին հաւատացող արուեստի երկրպագուներու:
Մասնաւորելով նշումները, հարկ է լոյսին բերել իրողութիւն մը, թէ` չէինք սխալած մեր այն գնահատումներուն մէջ, որոնք կը վերաբերէին անցեալ տարուան թատերական ներկայացումի մը` «Զանզալախդ»-ին, որով իր առաջին քայլը կ՛առնէր Համազգայինի թատերական միաւորը, յանձին նորահաստատ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի` մատուցելով ոչ դասական, քիչ մը անսովոր, զարտուղի, տարօրինակ թուացող եւ կամ ծանրախոհի յատկութեամբ յագեցած թատրերգութիւն մը:
Փաստօրէն, անցնող շաբաթներուն լիբանանահայ թատրոնի բեմահարթակը հիւրընկալեց էօժէն Իոնեսքոյի «Ճաղատ սոփրանոն», որ անցեալ դարու յիսունական թուականներէն ի վեր տակաւին կը պահէ իր թատերական չափանիշերու համահունչ գրաւչութիւնն ու թարմութիւնը` առանձնապէս արձանագրած ըլլալով իր ուրոյն տեղն ու կշիռը` համաշխարհային թատերագիտական անդաստանի պատուանդանին վրայ, այսպէս ասած, «անհեթեթի թատրոն» բանաձեւումի մը ընդհանուր բացատրութեամբ:
Այս առումով, հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ տուեալ «անհեթեթի թատրոն»¬ին ետին կը կանգնի տաղանդաւոր գրագէտ ու արտասովոր կազմաւորումի տէր անհատականութիւն մը, խորաթափանց, լայնամիտ ու նորարար մտաւորականի կերպար մը, գեղարուեստական շունչին ու որակին հաւատաւոր արուեստագէտ մը, որուն գրականութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը յատկանշուի ընկերային բարքերու ձաղկումով, հոգեբանական վիճակներու խարազանումով, անհեռանկար կեանք մը վարելու մարդոց տրամադրութիւններու բացայայտումով, միւս կողմէ, կը պարփակէ նաեւ` իմաստասիրական խորքով ու ներհուն իմացականութեամբ առլցուն տարրեր:
Այլ խօսքով, ականաւոր թատերագիր Էօժէն Իոնեսքոյի գրական ու ստեղծագործական աշխարհին առանցքը պոռթկումի ու ցասումի հսկայ ալիքներն են, որոնցմով կ՛ուզէ հեգնել մարդկային տկարութիւններն ու այլանդակութիւնները, բայց մանաւանդ ընդգծելի դարձնել նաեւ հասարակութեան մօտ մշակութային կեանքի առաւել պայծառացումը, ինքնաճանաչումի կարեւորութիւնը, սթափելու անհրաժեշտութիւնն ու ծամածուռ սովորութիւններէ ձերբազատելու հրաւէրը:
Իրօք, «Ճաղատ սոփրանոն» տեսակ մը հանրային հանդէսի մը ցոլքերը կը բովանդակէ, գրուած պարզ ու անպաճոյճ լեզուով, ոճային բարեմասնութիւններու առաւելութեամբ, ուր կը տողանցեն մարդ էակի ներաշխարհին թաքուն եւ հեգնախառն ոլորտները, այլանդակ առօրեայի մը պատկերաւոր անհեթեթութիւնները, ժամանակի շունչն ու ոգին, շփոթահար զոյգերու թէ ընկերային կարգ ու սարքի խաժամուժ յարաբերութիւններն ու կացութիւնները, եւ մասամբ նորին:
Մեր կարգին, պիտի սպասէինք մե՞ր «Կոտոյին», որպէսզի ժամանակակից հայ կեանքի անբնական, հիասթափեցնող, դժխեմ, ձանձրացուցիչ, յաճախ հակասական ու միշտ անհեթեթի վիճակներն ու կացութիւնները կարենայինք բեմականացնել, ստեղծելու համար ամուր այն կռուանը, որով պիտի ամրագրենք արդի ժամանակներու ազգային հայեցակարգն ու համամարդկային մեր տենչերուն իրաւութիւնը:
Այլ ասած, արհեստավարժ, երիտասարդ, ինքնավստահ, խանդավառ, մտաւորական ունակութիւններու տէր եւ տեսլապաշտ բեմադրիչի մը յայտնութեա՞ն պէտք էր սպասէինք, որպէսզի գէթ արուեստի ճամբով, այս պարագային թատրոնի, կողմնորոշելու երիտասարդութիւնն ու արուեստասէր հասարակութիւնը, այլապէս թարգմանը հանդիսանալով անոնց կուտակուած զայրոյթին, ցասումին ու պոռթկումին` ի տես ազգային կեանքի մէջ առկայ բազմաբեւեռ անհեթեթութիւններու եւ տակաւ շարունակուող այլանդակ վարքագիծերու:
Խոստովանիլ է պէտք, որ Համազգայինի թատերական միաւորին այս տիպի յառաջխաղացքը, դասական փիէսներու առընթեր, խորքին մէջ ոգեշնչող է ինքնին, յուսադրող եւ արժանի բոլորիս գնահատանքին:
Եթէ երբեք հարց տրուի, թէ ինչո՛ւ կը շեշտադրուին թատերական կեանքի վերաբերող կարգ մը առանձնայատկութիւններ, յատկապէս այս թատրոնի ներկայացման առիթով, պարզապէս ընդգծելու համար նման յանդուգն եւ ապագայակերտ աշխատանքներու յոյժ կարեւորութիւնը, ազգային ու մշակութային կեանքի զարթօնքի մը ակնկալութեամբ:
Գալով թատերախաղին, անվարան ու բարձրագոռ պէտք է յայտնել, թէ թատերական նման ժանրի մը ամբողջական ներկայացումի մը չենք հանդիպած գէթ վերջին քսանամեակին, նկատի առած ընձեռուած սեղմ կարելիութիւնները` մարդուժի, մթնոլորտի, մտածողութեան, թռիչքի, տեսլականի, արհեստավարժ մօտեցումի, շունչի թէ հասարակական գիտակցութեան:
Յայտնապէս, տուեալ թատերախաղին յաջողութեան նպաստած էին բազմաթիւ գործօններ, ինչպէս, առաջին հերթին տեսլապաշտ բեմադրիչի մը ներկայութիւնը, որ ատակ է եղած իր արհեստավարժի կազմաւորումին շաղախել ազգային իր ըմբռնումներուն եւ համոզումներուն առկայծումը, հաւաքական մեր կեանքին մէջ յամեցող թիւրիմացութիւններն ու անհարկի բացթողումները, այլապէս ալ թարգմանը հանդիսանալով ժամանակակից մեր կեանքի շունչին ու ոգիին:
Իբրեւ նախանձախնդիր արուեստագէտ, Յակոբ Տէր Ղուկասեան կրցած է իր սուր հայեացքով յատակագծել թատերախաղին ամբողջական պատկերն ու հոլովոյթը, եւ իր լրումին հասցնել այսքան դժուար եւ այսպէս ասած անմատչելի փիէսը` նկատի առած անհեթեթի կացութիւններն ու խօսակցութիւնները:
Առանձնապէս յիշատակելի է բեմադրիչի կարողութիւնը դերասաններու ընտրութեան մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ, սովի է մատնուած հայկական միջավայրն ու թատերական հարթակը, այլեւ` թատերական կերպարներու համապատասխանող դերասաններու ճիշդ կողմնորոշումին եւ դերերու բաշխումի իմաստով:
Այսպէս, պարոն Սմիթ (Զաւէն Պաաքլինի) իր տարիներու փորձառութեամբ թէ դերասանական ոճային իւրայատկութեամբ կրցաւ առանց ճիգի եւ տիրականօրէն մարմնաւորել իր դերը:
Տիկին Սմիթ (Յասմիկ Թաշճեան-Պէրթիզլեան) արձանագրեց գերազանց յաջողութիւն մը, իր այնքան հարազատ, ինքնավստահ ու բնական խաղարկութեամբ, որոնցմով կրցաւ առինքնել թատերասէր հասարակութիւնը:
Պարոն Մարթին (Վարդան Ազնաւուրեան) իր ստանձնած դերով ապրեցաւ թատերական կեանքի մը եռքը, եւ յաղթանակի մը ապացոյցը աւետեց բոլորիս:
Տիկին Մարթին (Վանան Մանճիկեան) նորայայտ շնորհ մը, որ կարծես կ՛ուզէր պատուով շրջանցել իրեն վերապահուած դերը եւ ճակատիլ թատերական կեանքի մարտահրաւէրներուն հետ:
Հրշէջներու հրամանատար (Յովսէփ Գափլանեան) իր դերասանի վաստակին ու թատերական փորձառութեան մէկ տարբեր փայլքը մատուցեց` շեշտակիօրէն պահելով իր բեմական ինքնուրոյնութիւնը:
Հրշէջ (Հրակ Փափազեան) իր դերասանական շնորհալի պահուածքին զուգահեռ ցոյց տուաւ արհեստավարժի այնպիսի ունակութիւններ, որոնցմով կրցաւ թափանցել հանդիսատեսին ներաշխարհը:
Սպասաւորներ (Նժդեհ Մկրտիչեան եւ Հրակ Տեմիրճեան) կը յաւակնինք ըսելու, թէ անոնք իրենց ստանձնած դերերով` գրեթէ լուռ եւ միանուագ, ոչ միայն յաջողեցան մարմնաւորել կերպարները, այլեւ` բացառիկ խաղարկութեամբ մը (դիմագծային թէ կարգ մը բեմական շարժումներ) արտացոլել իրենց շնորհին ուժականութիւնը:
Սպասուհի (Հերմինէ Նիւրբէթլեան) արժանի է ամէն քաջալերանքի եւ աջակցութեան` իր ցուցաբերած բեմական յանդգնութեան եւ կեցուածքին համար:
Տիտասքաղիա (Հրայր Գալեմքէրեան) իսկական յայտնութիւն մը, որ օժտուած է դերասանական իւրայատկութիւններու շնորհով եւ տիպար ներկայութեամբ:
Գրեթէ բոլոր դերասաններու մօտ ուշագրաւ էր նաեւ թատրոնի այս ժանրին հանդէպ ցուցաբերուած հոգեհարազատութիւնը, որ յայտնապէս իր արտայայտութիւնը գտաւ անոնց խիզախ խաղարկութեամբ, առոգանութեան թէ շարժուձեւերու առաւել ճշգրտութեամբ, ատակ եւ հաղորդական դիպաշարերու մատուցմամբ, բեմական իրերհասկացողութեամբ, խօսակցական լեզուի ճշգրիտ արտաբերումով եւ անաղարտ պահպանմամբ, եւ մասնաւորաբար` հեղինակի թէ բեմադրիչի զոյգ աշխարհահայեացքներու պաշտպանութեամբ:
Բնականաբար, թատերական այս ներկայացումին յաջողութեան նպաստող էական ստորոգելիներ են` թարգմանութիւն, երաժշտական ձեւաւորում, բեմայարդարում, տարազներու ամբողջական պատկեր, լոյսի սարքաւորում, պարի, որմազդի թէ վարչական պատասխանատուութիւն, բարերարներու թէ բարեկամներու ողջունելի աջակցութիւն եւ այլն:
Բացթողումներու շարքին, հաւանաբար պէտք է նշել բեմի յաւելեալ լուսաւորումի, աւելի բարձր ձայնի թէ խանդավառ շարժումներու բացակայութիւնը, ինչ որ կրնային նպաստել աւելի տինամիք մթնոլորտի ստեղծման:
Ինչ կը վերաբերի այն մօտեցումին, թէ հաւանաբար արկածախնդրութիւն պէտք է նկատել նման թատերական ոճի ներկայացում, մեր կարգին կը յիշեցնենք, թէ` զանց առնելով հանդերձ արդէն իսկ ուշացածի մեր կարգավիճակը, այսօր, եթէ երբեք զարգացած երկիրներու տարածքին աւելի քան արմատացած են ժողովրդավարական սկզբունքները, հաշուետուութեան ըմբռնումը, քննական միտքն ու ստեղծագործելու մղումը, ապա, անուրանալի է թատերական նման ներկայացումներու շինիչ դերակատարութիւնը:
Միւս կողմէ, եթէ երբեք համոզուած ենք թատրերգութեան արուեստի սնուցած ուժին եւ անփոխարինելիութեան` հասարակական առողջ կարծիք ձեւաւորելու մեկնակէտէ թելադրուած, ապա պարտաւոր ենք լոյսին բերել, քննարկել, գնահատել եւ քննադատել հաւաքական մեր կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառ, յամեցող հոգեկան ու մտային թշուառութենէն զայն ձերբազատելու համար, այլապէս անհեթեթութենէ տառապող մեր առօրեային առաջքը առնելու, նորահաս սերունդին շունչ ու ոգի մատակարարելու, խօսելու եւ արտայայտուելու պատեհութիւններ ստեղծելու, այո՛, յառաջդիմելու, ինքնավստահութեամբ տոգորուելու ու մանաւանդ` հայ կեանքին նոր աւիւն ներարկելու:
Նպատակայարմար պիտի ըլլար հրաւիրեալներու թիւի ու տարբեր շրջապատի աւելի լայն ապահովումը առաջադրել, ինչպէս նաեւ` չսահմանափակել խաղարկութեան օրերը, որպէսզի առաւելագոյն չափով հասանելի դառնայինք հայ իրականութեան բազմաշերտ ոլորտներու:
Այնուամենայնիւ, ասիկա յաղթանակի պատեհութիւն մը եղաւ նաեւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար` վերանորոգումի թէ ինքնարժեւորման ընդհանուր հասկացողութենէ թելադրուած, որով պիտի կարենայ ջրդեղել իր ներկայի թէ ապագայի առաջադրանքները, յանուն ազգային ու մարդկային վսեմ ըմբռնումներու ջատագովանքին:
Նոր «ճաղատ»-ներ եւ «սոփրանօ»¬ներ յայտնագործելու արդար ակնկալութեամբ` բարի երթ:

