Յայտարարութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով (12-15 Յունիս, 2013). Պահանջատիրութիւնը Պէտք Է Դարձնել Առանցքը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նշման
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգային ընդհանուր ժողովը կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան
100-ամեակի նշման: Այս ուղղութեամբ տրուած զեկուցումներուն եւ կատարուած քննարկումներուն լոյսին տակ, Ազգային ընդհանուր ժողովը ընդգծեց հետեւեալ կէտերը.
1.- Ինչպէս վեհափառ հայրապետը Ազգային ընդհանուր ժողովին ուղղած իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեց, «սովորական ամեակ պէտք չէ դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններով ու շահերով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, 100-ամեակի նշումը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցում կը պահանջէ»: Արդ, այս ծիրին մէջ կատարուելիք աշխատանքները, ծրագրումները եւ յարաբերութիւնները, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, յստակօրէն պէտք է արտայայտեն 100-ամեակին վճռական կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ:
2.- Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ արդէն սկսած է ծրագրել 100-ամեակի նշումը` նկատի ունենալով իր ներքին դրուածքը եւ շրջապատը: Արդ, իւրաքանչիւր գաղութ կարեւոր դեր ունի կատարելիք եւ իւրայատուկ նպաստ ունի բերելիք 100-ամեակի համազգային նշման: Սակայն, տեղական նախաձեռնութիւններէն ու աշխատանքներէն անդին, անհրաժեշտ կը նկատենք համահայկական տարողութեամբ այնպիսի միջոցներու որոնումը, որով կարելի ըլլայ յաչս աշխարհին գործնապէս արտայայտել հայ ժողովուրդի միակամ ու ամուր կեցուածքը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման նկատմամբ:
3.- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը առիթ պէտք է դառնայ վերանորոգ թափով շարունակելու մեր աշխատանքը Հայաստանի պետութեան, եկեղեցւոյ, Հայ դատի մարմիններու ու քաղաքական կուսակցութիւններու ճամբով` ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ մասնաւորաբար այն երկիրներու կառավարութիւններուն մօտ, որոնք ցարդ չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
4.- Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր հայ ժողովուրդի բռնաբարուած մարդկային իրաւունքներու հատուցումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ենթադրէ հատուցում: Այս ծիրին մէջ կ՛ողջունենք 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գումարած միջազգային համագումարը եւ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ այս ուղղութեամբ շարունակուող աշխատանքները` յատկապէս եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու գծով: Կ՛ողջունենք նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձին գծով երկու վեհափառ հայրապետներուն հրապարակած միացեալ կոչը: Արդարեւ, քարոզչական, քաղաքական ու իրաւական երեսները Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն պէտք է սերտօրէն համադրել ու ներդաշնակել:
5.- Կ՛ողջունենք Հայաստանի պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման պետական յանձնաժողովի յառաջացումը: Նման քայլ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը արտայայտող գօտեպնդիչ երեւոյթ է: Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանն ու սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համակարգող» մարմին չդառնայ, այլ` որոշակի ու յստակ որոշումներ տայ` յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող:
6.- Կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ցեղասպանութեան
100-ամեակի ծրագիրները եւ կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր թեմերուն, գաղութներուն ու կազմակերպութիւններուն, միասնական ու պահանջատիրական ոգիով ծրագրելու եւ նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
7.- Եւ ի վերջոյ` արձագանգելով վեհափառ հայրապետի պատգամին, բոլոր միջոցներով հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու անժամանցելի պահանջատիրութիւնը միջազգային արդարութեան ատեաններուն հասցնելու կարելիութիւնները:

