Ցուցարարներուն Դէմ Անհամաչափ Ուժի Կիրարկման Պատճառով. Գերմանիա Եւ Հոլանտա Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Վեթոյի Կ՛ենթարկեն
Աւելի քան երկու շաբաթ տեւած հակակառավարական ցոյցերու թատերաբեմ դառնալէ ետք, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ կեանքը սկսաւ վերագտնել իր բնական հունը, սակայն Անգարայի եւ Էսքիշեհիրի մէջ երեքշաբթի գիշեր ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան: Ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործեց:
Թաքսիմի միասնականութիւն խմբակը, որ կազմուած է Թաքսիմի ցոյցերուն մասնակից իրաւապաշտպան խմբակներէ եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններէ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցոյցերուն աւարտէն ետք ցուցարարներու ձերբակալման շարունակումը կը նմանի կախարդներու հալածանքի մը եւ ժողովրդավարութեան վնաս կը պատճառէ: Կազմակերպութիւնը պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել ձերբակալման արշաւը եւ ազատ արձակել ձերբակալուած ցուցարարները` յայտնելով, որ ամբողջ երկրին տարածքին ընթացող ձերբակալումները Թուրքիոյ մէջ երկարատեւ պետական աւանդութեան մը ուրուականը կը վերակենդանացնեն:
Խմբակը կառավարութեան կոչ ուղղեց ցոյցերուն նկատմամբ իր մօտեցումը փոխելու եւ քաղաքացիներուն քաղաքային ցոյց կատարելու իրաւունքը յարգելու:
ԵԱՀԿ Թրքական Կառավարութեան
Կոչ Կ՛ուղղէ Ցոյցերը Յարգելու
ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Կրոսռուք երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ տարածքին տեղի ունեցող իրադարձութեանց եւ վեհաժողովը այս հարցին նկատմամբ յատուկ հետաքրքրութիւն մը ունի, որովհետեւ յառաջիկայ շաբաթ իր տարեկան ժողովը Պոլսոյ մէջ պիտի գումարէ:
«Անոնք, որոնք վանտալութիւն ու բռնարարքներ կը կատարեն կամ կը հրահրեն, պէտք է ապահովական մարմիններէն համաչափ հակազդեցութեան արժանանան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «կ՛ողջունեմ անցեալ շաբաթ ցոյցերու շարք մը ղեկավարներու հետ կառավարութեան ծաւալած երկխօսութիւնը եւ կը ցաւիմ, որ այդ քննարկումներէն ետք բռնարարքները շարունակուեցան: Ցոյցերը ցրուելու համար զանգուածային ձերբակալութիւններն ու ուժի կիրարկումը ժողովրդավարութեան մը խորհրդանիշերը չեն. այդպիսի արարքները նաեւ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւն Թուրքիոյ յանձնառութեանց համահունչ չեն»:
Գերմանիա Եւ Հոլանտա Առկախած Են
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան
Անդամակցութեան Բանակցութիւնները
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիա եւ Հոլանտա Թաքսիմի հրապարակին եւ Կեզի այգիին մէջ ցուցարարներու դէմ թրքական ոստիկանութեան անհամաչափ ուժ կիրարկելուն պատճառով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն վրայ վեթօ դրած են:
Յիշեցնենք, որ ցուցարարներուն հետ խնդիրը երկխօսութեան միջոցով լուծելու մասին թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էին Սպիտակ տունը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական հարցերու յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ 21 օրէ ի վեր շարունակուող բախումները երկրին 53 միլիոն տոլարի վնաս պատճառած են:

