«Ասատ Օրինականութեան Չի Կրնար Վերատիրանալ» Կ՛ըսէ Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց, որ «պէտք է Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութիւն մը գոյութիւն ունենայ»` նշելով, որ «մենք սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման վրայ կը պնդենք»:
Օպամա յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ հարիւր հազար զոհ արձանագրուելէն ետք կը ջանայ օրինականութեան տիրանալ»` աւելցնելով, որ «Ասատ քաոս ու արիւնահեղութիւն պատճառեց եւ չի կրնար օրինականութեան վերատիրանալ»:
Ան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութեան մատուցուելիք օժանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ պիտի չփոխանցէ, «սակայն մեր քաղաքականութիւնը յստակութեամբ կը բնորոշուի»` նշելով, որ «մենք կ՛ուզենք արիւնահեղութեան վերջ տալ եւ վստահ ըլլալ, որ քիմիական զէնք պիտի չօգտագործուի եւ պիտի չիյնայ ձեռքերուն մէջ կողմի մը, որ զայն օգտագործէ»:
Ազգային Համաձայնական Մարմին.
«Քաղաքական Որեւէ Լուծում Ասատի
Վարչակարգին Տապալումը Պէտք Է Պարունակէ»
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ սուրիական տագնապի քաղաքական որեւէ լուծում պէտք է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումը պարունակէ, եւ իրեն վերապահեց այդ մէկը իրագործելու բոլոր միջոցները օգտագործելու իրաւունքը, ներառեալ` զինուորական միջոցը:
Մարմինը Ութերու խմբակին շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին 1.5 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու որոշումին որդեգրման համար եւ ՄԱԿ-ի հետաքննիչ յանձնախումբը դարձեալ հրաւիրեց այցելելու ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ եւ վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման փաստերուն ծանօթանալու:
Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան
Փոխնախարարը Գաղտնաբար
Իսրայէլ–Սուրիա Սահման Այցելած Է
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ ի յայտ բերին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քիմիական եւ կենսաբանական պատերազմի հարցերով տեղակալ Էնտրիւ Ուեպըր կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Ժապալ Շէյխի շրջան, որ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ ամէնէն շատ խորացած եւ զգայուն դիրքերէն մէկը կը նկատուի:
Ան մօտէն հետեւած է շրջանի զարգացումներուն եւ իսրայէլեան բանակի հիւսիսային ղեկավարութեան ու իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան սպաներէն վերջին զարգացումներուն շուրջ մանրամասն զեկուցումներ ստացած է: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին կայանը կը հաղորդէ, որ սպաները Ուեպըրի յայտնած են, որ իսրայէլեան ուժերը վերջին շրջանին Կոլանի բարձունքին մօտ քիմիական զէնքերու օգտագործման պարագաներ նշմարած են:
Ուեպըրի այցելութիւնը տեւած է միայն մէկ ժամ: Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը մերժած է լուրը մեկնաբանել:


